ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի նորակազմ Շրջանաւարտից միութիւնը իր անդրանիկ ձեռնարկը՝ «Քազինօ տիւ Փիլիպոս» իրականացուց Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6ին, վարժարանին «Կարապետեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 100 շրջանաւարտներու, որոնք կը ներկայացնէին վարժարանի ամենաառաջին տարիներէն սկսեալ մինչեւ նախորդ տարուան հունձքերը: Ձեռնարկէն գոյացաւ 4500 տոլարի շահ մը, որ պիտի թթխմորը հանդիսանայ վարժարանին Շրջանաւարտից հիմնադրամին:
Շրջանաւարտները խանդավառութեամբ իրարու վերագտան վարժարանին յարկին տակ, ընկերային իւրայատուկ մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Մասնակիցները նաեւ շահեցան Շրջանաւարտից միութեան անդամներուն եւ շարք մը ընկերութիւններու կողմէ նուէր տրուած մրցանակներ:
Նման եւ այլ միջոցառումներ կազմակերպելով, Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի Շրջանաւարտից միութիւնը նպատակ ունի օժանդակելու կարիքաւոր աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ վարժարանի շինարարական կարիքներուն: Միութիւնը նաեւ խորհրդատուական սպասարկութիւններ պիտի տրամադրէ վարժարանի աշակերտներուն:
Միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է այցելել անոր համացանցային կայքը (www.pilibos.org):
Շրջանաւարտից միութեան ատեանպետ Սուրէն Սերոբեան կարեւոր աշխատանք տարած էր, համագործակցութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին հետ, ամբողջացնելու համար շրջանաւարտներու անունացանկը, կապ հաստատելու անոնց հետ՝ քաջալերելով զանոնք, որ մասնակից դառնան միութեան աշխատանքներուն: Միութիւնը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր հետեւեալ անդամներուն՝ Լուսի Աժտահարեանին, Թալին Անսուրեանին, Վերքին Անսուրեանին, Էլօ Անտոնեանին, Հերմինէ Բարսեղեանին, Փաթիլ Պոյաճեանին, Այտա Չափճեանին, Աշխէն Համբարձումեանին, Արեգնազ Գէորգեանին, Սմբատ Քիզիրեանին, Անէթ Քօշկէրին, Վարդուհի Թաւուքճեանին, Ազնիւ Երեցեանին, Անի Պօղիկեանին, տնօրէն Նազօ Աբանեանին եւ յատուկ շնորհակալութիւն վարժարանի քարտուղարուհի Սիւզի Կատճեանին, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցան ձեռնարկին յաջողութիւնը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ:
Շրջանաւարտից միութիւնը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հետեւեալ նուիրատուներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնուի վարժարանի 40ամեակի ճաշկերոյթի յանձնախումբին, Սագօ Սարգիսեանին («Անուշ»), Սագօ Նիկողոսեանին («Արպաթ»), «Ասպարէզ»ին, Գէորգ Ասլանեանին, Հրաչ Պոյաճեանին (DJ), Փաթիլ Պոյաճեանին, Սալբի Պոյաճեանին, Ռապըրթ Եփրեմեանին եւ Փաթիլ Քափլանճեանին («Քրիսթըլ քլինըրզ»), Մայք Համբարձումեանին («Ճանի Ռաքէց», Էնսինօ), Սիլվա Գէորգեանին, «Մամմա միա» ճաշարանին, Թամար եւ Թինա Արզումանեաններուն («Փրինսէս Լուլու»), Ազնիւ եւ Տաճատ Երեցեաններուն («Սասուն կիֆց»), Քէթրին Հայրապետեանին («Շերըթըն»), Արամ Շորվաղլեանին, Մայքըլ Պաթլըրին («Սթարպաքս»), Արմէն Սրուրեանին («Սթարմէն»), Էտի Զարացեանին («Թիք Թոք ֆլաուըրզ»), ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին ու հոգաբարձութեան:
Միութիւնը այս առիթով կոչ կ՛ընէ բոլոր շրջանաւարտներուն, որ վերոյիշեալ համացանցային կայքին միջոցաւ կապ հաստատեն միութեան հետ եւ մասնակից դառնան վարժարանին նպաստող աշխատանքներուն: