ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը ԼՂՀ Ասկերան շրջանի Էդմոն Բարսեղեանի անուան դպրոցին նուիրած է 10 նոր համակարգիչ։ Ըստ դպրոցի տնօրէն Ռոմելա Գրիգորեանին, աւագ դպրոցի կարգավիճակ ստացած դպրոցին մէջ ստեղծուած է համակարգչային սենեակ, որուն բացման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան։