Գրքոյկը ի լոյս տեսած է Երեւանի «Եգէա» հրատարակչատան կողմէ:
«Կարօտի 70երգ»ը 80 էջնոց ժողովածու է, որուն մէջ ամփոփուած է Տիգրան Աւագեանի բանաստեղծութիւններու ընտրանին:
Հատորիկի նախաբանը՝ «Արարատի Երկրի Բանաստեղծը» գրած է Ներսէս Աթաբէկեան, որ կ՛ըսէ «Բանաստեղծութիւն շատերն են գրում, բայց կեանքն իբրեւ բանաստեղծութիւն ապրելու ունակութիւնն աստուածատուր է ու քչերին» եւ ապա կ՛աւելցնէ. «…մի ուրիշ անուշութիւն ունի իր դառնութիւնը, եւ անուշութիւնը՝ դառնութիւն, կախարդական ստուերներ է հագած իր լոյսը»:
Ահաւասիկ օրինակ մը.
Խախուտ է գալիս աչքերը մութի,
Ուր որ է լոյսը շուտով կը բացուի,
Եւ դեռ անաւարտ երգը կարօտի
Լոյսի թեւերով ելած կը հիւսուի:
Արեւը վճիտ երկնի անհունից
Անյագ կարօտով կը փայլի կրկին,
Եւ մարդիկ ելած իրենց խոր քնից
Բարին կը մաղթեն ջերմագին:…
Ուրիշ մը.
Մի վերջին անգամ լոյսը թրթռաց
Հինաւուրց վանքի պատերին խոնաւ,
Յետոյ մութի հետ լուռ միահիւսուած՝
Վանքի պատերից ներս մտաւ, հանգաւ:…
Տիգրան Աւագեանի «Կարօտի 70երգ» բանաստեղծութիւններու ժողովածու գիրքի խմբագիրն է Ռուզան Մարգարեան: