ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 15ին, «Ցեղասպանութիւնը եւ մարդկային փորձառութիւնը. Ռաֆայէլ Լեմքին եւ ցեղասպանութիւնը» նիւթով միջազգային խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Հրէական պատմութեան կեդրոնին մէջ, մասնակցութեամբ զանազան երկիրներէ մասնագէտներու:
Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց «Քարնըկի» հիմնադրամին տնօրէն դոկտ. Վարդան Գրիգորեան, ներկայացնելով «Ռաֆայէլ Լեմքին եւ ՄԱԿի Ցեղասպանութեան ուխտին իրականացումը» նիւթը:
Իր կարգին, Փիթըր Պալաքեան ներկայացուց «Ռաֆայէլ Լեմքինի մշակութային բնաջնջումի հասկացողութիւնն ու Հայկական Ցեղասպանութիւնը» նիւթը, նշելով, որ 1933ին գրուած իր յօդուածներուն մէջ իսկ Լեմքին խօսած է մշակութային բնաջնջումին պատճառած վնասներուն մասին: Պալաքեան նաեւ կեդրոնացած է Լեմքինի վրայ Հայկական Ցեղասպանութեան ձգած զօրաւոր տպաւորութեան մասին: