Վերջերս, Լիբանանէն շրջանս կը գտնուէր ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Միհրան Շիմշիրեան: Մօտէն հետաքրքրուեցաւ շրջանի ՀՄԸՄի աշխատանքներով, մասնակցեցաւ կազմակերպուած գաղութային կարգ մը ձեռնարկներու եւ այցելեց ՀՄԸՄի բանակավայրն ու Փասատինայի նոր հայ կեդրոնը:
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2009ի երեկոյեան, Միհրան Շիմշիրեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան նոր նստավայրը, ուր ներկայ գտնուեցաւ Շրջանային վարչութեան հերթական ժողովին:
Կեդրոնական վարչութեան անդամը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան՝ զինք հիւրընկալելուն համար: Ապա, հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող ՀՄԸՄի աւելի քան 100 մասնաճիւղերու լայնածաւալ գործունէութեան մասին:
Շիմշիրեան նաեւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանէն ներս տարուող աշխատանքներով եւ շնորհաւորեց Շրջանային վարչութիւնը իր բեղուն գործունէութեան համար: Յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի մարզական թեւին, որ մեծ թիւով մասնակցեցաւ առաջին անգամ հայրենիքի մէջ իրագործուած Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերուն, որուն կազմակերպչական աշխատանքներուն եւս իր մեծագոյն ներդրումը ունեցաւ մեծամասնութեամբ շրջանիս փորձառու մարզական պատասխանատուներէ կազմուած յանձնախումբը:
Շիմշիրեան յոյս յայտնեց նաեւ, թէ ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանը, նոյն խանդավառութեամբ կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք 2010ի Համա-ՀՄԸՄական բանակումին:
Ժողովականներուն հարց ու պատասխանի առիթ տրուեցաւ, որու ընթացքին արծարծուեցան ՀՄԸՄը յուզող բազմաթիւ հարցեր, որոնց բծախնդրութեամբ եւ հանգամանօրէն պատասխանեցին ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան զոյգ անդամները: