Տէր Զաքարիա քահանայի ջանքերով, Արիզոնայի Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցւոյ Երիտասարդաց կազմակերպութիւնը խանդավառութեամբ լծուած է նոր ծրագիրներու մշակումին: Տէր Աւետիս քահանայի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ ՀԵԵԿ Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Անի Խաչատուրեանի եւ փոխատենապետ Ռաֆֆի Փոստալճեանի, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12ին տեղի ունեցաւ երեք ժամ տեւողութեամբ առանձնացում մը, որու ընթացքին երիտասարդութեան ուղղութիւններ տրուեցան նոր ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք գործադրութեան դնելու կապակցութեամբ: Երեկոյեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւանեան գիշերներ» ձեռնարկը, ուր աւելի քան 250 հայորդիներ հաճելի ժամանակ անցուցին: Յայտագրին բացումը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեան: Ապա Լոս Անճելըսէն ժամանած «Էրեբունի» պարի համոյթը իր պարերով ոգեւորեց հանդիսականները: Երիտասարդները յատուկ տարազներով հայկական խորոված պատրաստեցին եւ սպասարկեցին հիւրերուն:
Կիրակի օր, եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Աւետիս քհնյ. Աբովեան: Քարոզէն առաջ ծուխին հոգեւոր հովիւը հաւատացեալներուն ծանօթացուց պատարագիչ տէր հայրը եւ ՀԵԵԿ Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետն ու փոխատենապետը եւ անոնց այցելութեան նպատակին մասին խօսեցաւ:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ շարունակուեցաւ նախորդ օրուան խրախճանքը եւ «Էրեբունի»ն համերգ ունեցաւ, որուն ներկայ գտնուեցան 200 հայորդիներ, ուրախ պահեր վայելելով: