Դեկտեմբեր 21ին, «Ֆերահեան» վարժարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհի՝ Ազատուհի Ղազարեանին, այցելեցին «Ասպարէզ»-«Հորիզոն» հաստատութեան շէնքը եւ հանդիպեցան անձնակազմի անդամներուն:
Ֆերահեանցիները շուրջ երկու ժամ առիթ ունեցան ծանօթանալու թերթի եւ հեռատեսիլի կայանի աշխատանքներուն, անոնց դիմագրաւած խնդիրներուն:
«Հորիզոն»ի տնօրէն Հէրի Որբերեան եւ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբօ Պողիկեան հանագամանօրէն պատասխանեցին աշակերտներու հարցումներուն:
Աշակերտները ապա գացին Փոքրիկ Հայաստանի մէջ գտնուող «Գաւառ» ճաշարան, ուր հիւրասիրուեցան սեփականատէր Յարութ Մատէնեանի կողմէ: Ճաշարանին մէջ աշակերտները առիթ ունեցան հայկական պարի փորձ կատարելու: