ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ, «Արմէնփրէս».- Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը, աջակցութեամբ տիկնիկային արուեստի գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոնին եւ «World Vision» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակին, ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով՝ Հայաստանի ութ պետական որբանոցներու մէջ իրականացուցած է «Ամանորեայ ժպիտներ մանկատներում» ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս ցուցադրուած են տիկնիկային բեմադրութիւններ՝ Սուրբ Գրքի առակներու պատկերներով եւ ամանորեայ ներկայացումներ: