ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Ամփոփելով անցնող տարին՝ Դեկտեմբեր 29ին քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան յայտարարած է, թէ շինարարութեան համար պետական պիւտճէէն յատկացուած գումարները թէեւ կրճատուած էին 50-55 տոկոսով, սակայն աղէտի գօտիին մէջ բնակարանաշինութեան ծրագրերը չեն տուժած:
«Շինարարութեան ո-լորտը 2009 թուականին 40 տոկոսով անկում ապրեց», ըսած է քաղաքաշինութեան նախարարը, սակայն միաժամանակ յոյս յայտնած է, որ 2010ին կ՛ակնկալուի 10-12 տոկոսանոց աճ: Նախարարին հաւաստումով՝ անցնող տարուան ընթացքին Գիւմրիի մէջ կառուցուած է 22 բազմաբնակարան շէնք, 1056 բնակարան, Սպիտակի մէջ՝ 220 անհատական բնակարան, իսկ Լոռիի մարզի 8 գիւղական համայնքներու մէջ՝ 300 անհատական բնակարաններ: