ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» օրաթերթը հրապարակած է Մոսկուա այցելութեան մասին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր հարցազրոյցը։ Էրտողան օրաթերթին միջոցով փորձած է պատասխանել Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինին, որ յայտարարած էր, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման գործընթացները պէտք չէ շաղկապել իրարու։
Էրտողան օրաթերթին յայտնած է. «Որքան ալ փորձենք այդ հարցերը անջատաբար լուծել, միեւնոյնն է՝ վարագոյրի ետեւը անոնց միջեւ կապը կայ։ Հայ-թրքական սահմանի դարպասը փակուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ծագած խնդիրի պատճառով։ Թող վերջ տրուի Ղարաբաղի բռնագրաւման եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները շատ հանգիստօրէն կը կարգաւորուին։ Հայաստանի բարի կամքը նախ թող դրսեւորուի գրաւեալ շրջաններէն դուրս գալով։ Եօթը շրջաններէն դուրս գալէն ետք միայն դրական զարգացումներ տեղի կ՛ուենան։
Մեզի համար յստակ է ինչ քայլ պէտք է կատարուի։ Մեր առջեւ սահմաններ կան։ Մենք արդէն որոշակի վտագի դիմած ենք։ Օդանաւային բեռնափոխադրումները, Երեւան-Պոլիս թռիչքները մենք սկսած ենք։ Օդային սահմանը բացած ենք, սակայն ցամաքային սահմանը բանալը այլ հարց է։ Թուրքիոյ մէջ այժմ մեծ թիւով թրքական քաղաքացիութիւն չունեցող հայեր կ՛ապրին։ Նախաձեռնողը պէտք է Ռուսիան ըլլայ։ Մետվետեւի եւ Փութինի հետ բացէ ի բաց խօսած եմ։ Մինսկի եռանախագահութեան մէջ Հայաստանի վրայ թիւ մէկ ազդեցութիւնը Ռուսիան ունի, ապա Միացեալ Նահանգները, ապա Ֆրանսան։ Եթէ Ռուսիան թուլութիւն դրսեւորէ այդ հարցին մէջ, արդիւնքի հասնիլը շատ դժուար կ՛ըլլայ»։