ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Մշակութային Ընկերակցութիւնը (ACF) իր այս տարուան հանգանակային գլխաւոր ձեռնարկի՝ ճաշկերոյթի կարգախօսը ընտրած է «Մեր միասնական երթը» նշանաբանը:
Համայնքէն ներս կրթական, մշակութային ու հասարակական բազմաճիւղ գործունէութիւն տանող այս կազմակերպութեան տարեկան հանգանակային ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 2ին, Պեվըրլի Հիլթըն պանդոկին մէջ:
Ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբը կը նպատակադրէ աննախընթաց երեկոյ մը հրամցնել իր ծրագիրներուն նպաստող բարերաներուն եւ զօրակցողներուն: