ԱԹԷՆՔ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ գլխաւորելով բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, Ուրբաթ 15 Յունուար 2010էն ի վեր կը գտնուի Աթէնք, պաշտօնական այցելութեամբ՝ իբրեւ հիւրը Յունաստանի եկեղեցւոյ եւ պետութեան, Կիրակի օր հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին հետ: Հանդիպումը կայացաւ Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղիին մէջ: Արքեպիսկոպոսարանի մուտքին վեհափառը դիմաւորուեցաւ Հերոնիմոս Բ.ին կողմէ, որ շրջապատուած էր Սինոտի անդամ հոգեւորականներով:
Նախ երկու հոգեւոր պետերը առանձին հանդիպում մը ունեցան: Սոյն հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ յոյն եկեղեցիներու պատմութեան ընթացքին ունեցած յարաբերութեան, Յունաստանի հայութեան, ինչպէս նաեւ՝ միջեկեղեցական գործակցութեան առնչուած հարցեր: Յատուկ կերպով երկու հոգեւոր պետերը նաեւ անդրադարձան քաղկեդոնական եւ ոչ-քաղկեդոնական ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան գործընթացին: Յայտնենք, որ 1980 թուականին սկսած աստուածաբանական յիշեալ երկխօսութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած էր վեհափառը եւ հետեւաբար մօտէն ծանօթ էր անոր հետ աղերս ունեցող խնդիրներուն: Արամ Ա. եւ Հերոնիմոս Բ. նաեւ շեշտեցին լուրջ տագնապներու մէջ գտնուող ներկայ աշխարհին մէջ միջեկեղեցական գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Ապա, յոյն եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնատեղիին մայր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիպումը երկու հոգեւոր պետերուն: Հաւաքական հանդիպման եւ ունկնդրութեան մասնակից դարձան երկու եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներ ու պատասխանատու անձեր: Նախ խօսք առաւ Հերոնիմոս Բ. եւ ջերմօրէն ողջունեց վեհափառին այցելութիւնը Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ: Ան իր գրաւոր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ երկու եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան, յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն ցրուումը սփիւռքի զանազան անկիւնները: Ան անդրադարձաւ Յունաստանի հայութեան ու երկրին բերած անոր կարեւոր նպաստին:
Իր պատասխանին մէջ վեհափառը ընդգծեց երկու եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց արժէքները եւ աւանդութիւնները, եւ մանաւանդ՝ պատմական փորձառութիւնը: Այս ծիրին մէջ վեհափառը շեշտեց, թէ երկու ժողովուրդները նաեւ ենթակայ դարձած են նոյն ցեղասպանին ջարդերուն ու կեղեքումներուն: Հետեւաբար, անոնք այսօր միասին կը պայքարին ի խնդիր մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան, ըսաւ վեհափառը: Ապա ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց յոյն եկեղեցւոյ, պետութեան ու ժողովուրդին, որոնք միշտ լայն կարելիութիւններ ընծայած են Յունաստանի հայութեան, եւ այսօր յունահայութիւնը անբաժան մաս կը կազմէ յունական հայրենիքին:
Իր խօսքի վերջին բաժինին մէջ վեհափառը ընդգծեց եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան հրամայականը: Ան ըսաւ, թէ որեւէ ժամանակէ աւելի ներկայ ընկերութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը ստիպեն եկեղեցիները, որ մէկդի դնեն իրենց ունեցած աստուածաբանական տարակարծութիւնները, ծառայեն ժողովուրդին եւ դառնան բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու ջատագովը մարդկային կեանքին մէջ:
Պաշտօնական խօսքերու փոխանակումէն ետք տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում՝ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ:
Կարճ հիւրասիրութենէ ետք Հերոնիմոս Բ. պաշտօնական ճաշկերոյթ մր տուաւ ի պատիւ վեհափառին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին յոյն եկեղեցւոյ կողմէ սինոտի անդամներ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները: Իսկ վեհափառին կողքին ներկայ էին Յունաստանի հայոց առաջնորդ սրբազանը, վեհափառին պատուիրակութեան անդամները, Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանները: Ճաշկերոյթի ընթացքին վեհափառին իր գրաւոր խօսքը ուղղեց Հերոնիմոս Բ., շեշտելով գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ Յունաստանի հայութեան բերած կարեւոր նպաստը երկրին: Վեհափառը իր պատասխան խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի բարեկամական կապերուն եւ շեշտեց այդ կապերը աւելի խորացնելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը խօսեցաւ Լիբանանի եւ Յունաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յատուկ գործակցութեան մասին եւ մաղթեց, որ անցեալէն եկող գործակցութիւնը նոր ծաւալ ստանայ ներկայ օրերու հրամայականներուն դիմաց: Ճաշկերոյթի աւարտին՝ յանուն Յունաստանի թեմին խօսք առնելով, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Պօղոս Չոլաքեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց յոյն եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին, վեհափառին նկատմամբ ցուցաբերած ջերմ ու բացառիկ ընդունելութեան համար: