ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յունուար 28էն Ապրիլ 18ին, Լոս Անճելըս քաղաքի «Պարնզտըլ» ցուցադրասրահին մէջ կայանալիք խմբային ցուցահանդէսին մասնակիցներէն մէկն է լուսանկարիչ Արա Օշականը, որ պիտի ցուցադրէ անչափահաս բանտարկեալներու նուիրուած իր գործերէն մաս մը, ինչպէս նաեւ անոնց գրութիւններն ու ստեղծագործութիւնները:
Ցուցահանդէսին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել արուեստագէտին, հանդիսատեսին ու ցուցահանդէսներ կազմակերպողներուն միջեւ կապերն ու անոնց դերակատարութիւնները՝ արուեստի գործեր հրապարակ բերելու գործընթացին մէջ:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան «արարք»ներ՝ արուեստագէտին ու ցուցահանդէսը այցելողներուն համագործակցութեամբ, արուեստի գործեր ստեղծելու նպատակով: Արա Օշականին կողքին, սոյն «արարք»ներու մասնակիցներուն շարքին են նաեւ արուեստագէտներ Վազգէն Բրուտեան եւ Չարլի Խաչատուրեան:
Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 31ին, կ.ե. ժամը 2էն 5: Ցուցադրասրահը, որուն հասցէն է՝ 4800 Hollywood Blvd., բաց է Հինգշաբթիէն Կիրակի, կ.ե. ժամը 12էն 5, իսկ ամսուան առաջին Ուրբաթ օրերուն՝ կ.ե. ժամը 2էն 9: