ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏԻՆԵԱՆ*
Այս օրերին մարդիկ ուրախ եռուզեռի մէջ են։ Կարծես մի իւրայատուկ ոգեւորութիւն եւ լոյս է իջել բոլորի վրայ։ Ի՞նչն է այս ուրախութեան ու եռուզեռի նպատակը, ո՞րն է Ծնունդի իմաստը։ Ինքը՝ մեր Աստուածը, մարդկութեան համար ու մարդկանց մէջ ծնուեց եւ յայտնուեց իբրեւ լոյս ու լոյսի աղբիւր։ Ահա այս է պատճառը, որ քաղաքներն ու գիւղերը, փողոցներն ու ծառերը, բակերն ու տները զարդարում ենք լոյսերով։
Յիսուս աշխարհի լոյսը եկաւ, խաւարից մեզ ազատելու եւ մեր մեղքերից փրկելու։ Այս լուսաւոր Ծննդեան տօնի առիթով, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցու կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Ռաֆֆի Թորոսեանն ու ուսուցչական կազմը ճոխ ճաշկերոյթ եւ հանդէս էին կազմակերպել։ Այն վարում էին Տիգրան եւ Լուսինէ Մարաբեանները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հէնց ինքը՝ Ռ. Թորոսեանը, ըսելով. «Արժանապատիւ տէր հայր, յարգարժան անդամներ՝ Հոգաբարձութեան, թանկագին ծնողներ, սիրելի ներկաներ. բոլորէն առաջ, Աստուծոյ փառք կու տանք, որ միասին հաւաքուած ենք տօնելու Ս. Ծնունդը մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի, եւ մեր շնորհակալութիւնները կը փոխանցենք ձեր ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար, բոլոր աշակերտներու, պատանեացի եւ ուսուցչական կազմի կողմանէ։ Այո՛, եկած ենք տօնելու Ծնունդը մեր Փրկչին, որ ոչ միայն մեզ ստեղծած է, այլ նաեւ ամէն բարիք եւ օրհնութիւն շնորհած է թէ՛ այս աշխարհիս համար եւ թէ՛ գալիք դարերու յաւիտենականութեան համար»։
Հանդէսի ծրագիրը յագեցած էր Ս. Ծնունդին նուիրուած երգերով, խմբերգներով, սաղմոսներով եւ անհատական ելոյթներով։ Կիրակնօրեայ դպրոցի բոլոր աշակերտները իրենց սէրն ու ելոյթներն էին բերել, իրենց սրտերն էին բերել իբրեւ նուէր Յիսուսին, Էմմանուէլին, որ կը թարգմանուի՝ «Աստուած մեզի հետ»։
«Վասնզի Աստուած սէր է։ Այս բանի մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի անոր միջոցով ապրենք։ Այս բանի մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա, որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու։ Սիրելիներ եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել»։ (Թուղթ. Ա. Յովհ. 4։9-12)։
Ասեմ, որ Աստուծոյ սէրն ու օրհնութիւնը կար ամբողջ հանդէսի ընթացքում, մանաւանդ երբ բեմ բարձրացան նախակրթարանի աշակերտները։ Նրանք ներկայացրեցին փոքրիկ բեմադրութիւն մը՝ «Յիսուսի Ծնունդը», որի հեղինակն ու բեմադրիչն էր եկեղեցու կիրակնօրեայ դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհին։
Բեմադրութեանը մասնակցեցին քոյրեր Քրիստինէ եւ Դիանա Խոսրովեաններ, քոյր եւ եղբայր Արաքսի եւ Կերի Կինճիկեաններ, քոյրեր Ելլեն եւ Անի Յովհաննիսեաններ, Սարգիս Խեչումեան, Անճելիքա Մարաբեան, Մէրի Գրիգորեան, Մանուշ Նազարեան, Գէորգ Հալէպեան, Պետրոս Քուբելեան, Մէրի Փափաօղլանեան, Լիանա Մկրտիչեան, Ալեքսը, Մայքը, Թոնին եւ Ալենը։
Այդ օրը յուզիչ ու ոգեւորող էր այն պահը, երբ բեմ բարձրացաւ չորսամեայ Գէորգ Մկրտչեանը։ Նա իր անուշ ու թոթովախօս հայերէնով աղօթեց «Հայր Մեր»ը։
Վերջում եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան օրհնութեան խօսքով նշեց կարեւորութիւնը երեխաների կիրակնօրեայ դպրոցի եւ դաստիարակութեան, եւ չկարողացաւ անտարբեր անցնել չորսամեայ Գէորգին նկատմամբ։ Նա ներկայ գտնուողներին շնորհաւորեց Սուրբ Ծնունդի եւ Նոր տարուան առիթով եւ կոչ արեց ծնողներին, որ իրենց երեխաներին դաստիարակեն հայեցի, եւ ամուր ու հաստատ պահեն կապը եկեղեցու հետ, եւ հաւատարմաբար երեխաները յաճախեն կիրակնօրեայ դպրոց։ Քանզի Աստուած սէր է եւ սիրոյ բարի լուրը՝ Քրիստոսը, ուղարկեց մեզ։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս։
* Նուարդ Մատինեան ՀՀ Ժուռնալիստների միութեան անդամ է