Դար մը ծառայութեան սեմին, հայ կնոջական բարեսիրական եւ աշխարհացրիւ Հայ օգնութեան միութիւնը, իր մասնաճիւղերով ու մեկուսիներով, կը փորձէ արժանավայել հանգամանքով ոչ միայն տօնախմբել կազմակերպութեան 100ամեակը, այլ նաեւ նոր ծրագիրներ մշակել ու քարոզչական իր աշխատանքներով անգամ մը եւս ուխտել կառչած մնալ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր նշանաբանին։
Առ այս, Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանի, Հոլիվուտի 91 տարիներու ծառայութիւն ունեցող, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղը իր աւանդական Ամանորը տօնախմբեց հրաւիրելով իր անդամուհիները՝ Դեկտ. 22, 2009ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Հոլիվուտի Ս.Կարապետ եկեղեցւոյ Կարապետեան սրահէն ներս մտերմիկ հաւաքոյթի մը՝ նոր յոյսերով ու տեսլականով դիմաւորելու Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։
Օրուան հանդիսավարը՝ Մայտա Շահինեան, բարի գալուստ մաղթելէ եւ Նոր Տարուան բարեմաղթութիւններ փոխանցելէ ետք հրաւիրեց ներկաները, վարչութեան կողմէ պատրաստուած համեղ ճաշատեսակներն ու քաղցրեղէնները ճաշակելու, ինչպէս նաեւ օրուան պատշաճ յայտագիրն ու զուարճալի մթնոլորտը վայելելու։ Տրամադրութիւնները բարձր, իսկ մթնոլորտը բաւականին հարազատ եւ խանդավառ էր:
Օրուան գլխաւոր եւ խորհրդանշական պահն էր…
Բեմ հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղիս վաստակաշատ անդամուհիներէն Սոնիա Փելթէքեանը, որ նշանակուած էր դառնալու օրուան նորագիր ուխտեալ 7 ընկերուհիներուն կնքամայրը։
Ընկհ. Փելթէքեան լուսարձակի տակ առաւ ՀՕՄի ծառայութիւնը, դար մը հարուստ գործունէութիւնն ու պատմականը, եւ ապա խօսքը ուղելով ուխտեալ ընկերուհիներուն՝ գնահատեց անոնց հաւատքն ու պատրաստակամութիւնը դէպի մարդկային եւ ազգանուէր կամաւոր աշխատանքին ի տես։
Ուխտը տեղի ունեցաւ… Ուխտեալ ընկերուհիները շնորհաւորութիւններ ստանալէ ետք, ոմանք իրենց սրտի խօսքն ու ՀՕՄի ծառայելու պատրաստակամութիւնը յայտնեցին, իսկ ուրիշներ՝ հպարտութիւնը ՀՕՄին մաս կազմելու եւ նուիրական աշխատանքին բաժնեկից դառնալու ոգեւորութիւնը։
Մթնոլորտի խանդավառութիւնը շարունակուեցաւ, վարչութեան կազմակերպած զուարճալի խաղերով եւ վիճակահանութեամբ, մինչեւ ժամը 11:00, ապա ընկերուհիները բաժնուեցան իրարմէ՝ Նոր տարուան բարեմաղթութիւններ փոխանցելով իրարու, ինչպէս նաեւ պատրաստակամ ոգիով ու ներշնչումով դիմաւորելու 2010 թուականը, իբրեւ ՀՕՄի 100ամեայ նոր դարաշրջան մը եւ նոր սկիզբ՝ իրենց անհատական եւ հաւաքական կեանքերուն համար։
Բարի երթ եւ նոր նուաճումներ՝ ՀՕՄի մեծ ընտանիք։
Յարատեւութիւն եւ կորով՝ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի ընկերուհիներ։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս.Ծնունդ
ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ