ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Յունուար 24ի կէս գիշերին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն թռիչք առնող Եթովպիական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւին ջախջախման տխուր առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս ցաւակցագիր յղած է Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Փաւլոս պատրիարքին:
Վեհափառ հայրապետը իր ցաւակցագիրին մէջ կը բաժնէ սուգն ու տրտմութիւնը Եթովպիոյ պետութեան, եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին՝ այս մեծ կորուստին համար: Վեհափառը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, արկածին զոհ գացած հոգիներուն համար, եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը կը հայցէ անոնց ընտանեկան պարագաներուն: