ԵՐԵՒԱՆ.- Գանատայի հայկական եկեղեցւոյ պատրիարքարանը դիմած է բոլոր գանատահայերուն՝ խնդրելով նուիրատուութիւն կատարել Յունուարի 12ի երկրաշարժէն տուժած Հայիթիին, որուն զոհերուն թիւը՝ Միջազգային կարմիր խաչի գնահատումով, հասած է 100,000ի:
Գանատահայերու քոնկրեսը ցաւակցական ուղղերձ մը ուղղարկած է Հայիթիի ժողովուրդին եւ աջակցած է պատրիարքարանի նախաձեռնութեան: Նշուած է, թէ օգնութեան կարիք ունին բոլոր փրկուածները, եւ թէ առանց միջազգային համայնքի աջակցութեան, Հայիթին չի կրնար վերականգնիլ:
«Անկասկած, հայերը գիտեն աւերիչ երկրաշարժին ցաւը, երբ Դեկտեմբեր 1988ին, շուրջ 20,000 հայեր զոհուած էին եւ հազարաւոր հայեր վնասուած ու մնացած էին անօթեւան: Ճիշդ այդ ժամանակ էր, որ միջազգային համայնքը իր օգնութիւնը առաջարկած էր Հայաստանին: Հիմա արդէն մեր կարգն է օգնութեան ձեռք երկարելու Հայիթիի ժողովուրդին», յայտնած են Գանատայի հայ համայնքի անդամները: