ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Բրիտանիոյ խորհրդարանը սկսած է հետապնդելու առանց ՄԱԿի հաւանութեան Իրաք ներխուժելու Լոնտոնի իշխանութեանց որոշումին օրինականութիւնը՝ ապագային նման քայլերու կրկնութեան առաջքը առնելու յոյսով: Ուղղակի պատկերասփռուող հարցաքննութիւնները, որոնց կանչուած է նաեւ նախկին վարչապետ Թոնի Պլէրը, սկսած են հետաքրքրական տեղեկութիւններ »արտադրելու«: Անցեալ շաբաթ հարցաքննուած արտաքին գործոց նախկին նախարար Ճէք Սթրօ ընդունեց, թէ անտեսած է բարձրաստիճան խորհրդականներու այն պնդումները, թէ՝ Իրաք ներխուժելու որոշումը միջազգային օրէնքներու ոտնակոխում մը պիտի ըլլայ եւ կրնայ նոյնիսկ ոճիր նկատուիլ: Նախարարին հետ տարակարծութեանց պատճառով օրին իր հրաժարականը ներկայացուցած Էլիզապէթ Ուիլմշուրսթ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ամենաբարձրաստիճան խորհրդական Մայքըլ Ուոտ անցեալին պնդած էին, թէ Սթրօ անտեսած է իրենց խրատները, սակայն նախարարը առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը հաստատէր անոնց ըսածները: Պատասխանելով »Պի.Պի.Սի.«ի հարցումներուն՝ ան Չորեքշաբթի օր նոյնիսկ պաշտպանեց իր այս հակաօրինական կեցուածքը: