ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջատիրութեան պայքարին մէջ, պատմական ոճիրները հաստատելու, բռնագրաւեալ հողերու վերադարձը ապահովելու եւ վնասուց հատուցում ստանալու կէտերուն կողքին, միշտ կը շեշտուի ապագային նման ահաւոր ոճիրներ կանխարգիլելու կարեւորութիւնը:
Ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու համամարդկային այս աշխատանքին մէջ կարեւոր քայլ մը առնուեցաւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 3ին, երբ Լա Հէյ հաստատուած Միջազգային քրէական ատեանին անցեալ տարուան մէկ վճիռը քննող վճռաբեկ ատեանը հասաւ այն եզրակացութեան, որ Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիրի հարցը քննող դատաւորները սխալ մեկնաբանած էին օրէնքը:
Արդարեւ, դատաւորները օրին նկատել տուած էին, թէ ատեանին ներկայացուած փաստերը բաւարար չէին ցեղասպանութեամբ ամբաստանելու Պաշիրը, որ ամբաստանուեցաւ Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ պատերազմական շարք մը ոճիրներու պատճառ ըլլալու յանցանքով:
Այս հարցը, հինգ դատաւորներէ կազմուած վճռաբեկ ատեանին ներկայացուցած դատախազներէն Լուիս Մորենօ Օքամփօ յայտնեց, թէ Տարֆուրի մէջ «2.5 միլիոն գաղթականներ ցեղասպանական պայմաններու տակ» պահելու Պաշիրի որոշումը միայն բաւարար է զայն ցեղասպանութեամբ ամբաստանելու համար:
Վճռաբեկ ատեանին Չորեքշաբթի օրուան որոշումը կարեւոր նախադէպ մըն է եւ առիթ կու տայ աւելի լայն բանալու ամբաստանութեանց եւ դատապարտումի կարկինը, որուն հետեւանքով շարք մը այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեանց դատերը կրնան ներկայացուիլ Միջազգային քրէական ատեան՝ նման ոճիրներ դաւադրող քաղաքական կամ զինուորական ղեկավարները մղելով, որ աւելի ուշադիր ըլլան իրենց որոշումներուն մէջ:
Դատախազ Օքամփօ նաեւ անտեղի համարեց այն գործընթացին նկատմամբ ցուցաբերուած թերահաւատութիւնը, պնդելով, որ Սուտանի նախագահին դէմ բացուած դատէն ետք, Տարֆուրի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացը զգալիօրէն արագացած է:
Սուտանի իշխանութիւնները եւ անոնց աջակցող արաբ «Ճանճաուիտ» զինեալ խմբաւորումը կ՛ամբաստանուին Տարֆուրի մէջ ֆուր, մասալիթ, եւ զաղաուա ցեղախումբերը բնաջնջելու փորձ կատարելու յանցանքով: Ըստ ՄԱԿի տուեալներուն, Տարֆուրի մէջ սպաննուած է շուրջ 300,000 հոգի եւ տեղահան եղած են 2.7 միլիոն ուրիշներ:
Ինչպէս ըսաւ մարդկային իրաւանց քենիացի գործիչ Ընճոնճօ Մուէ, վճռաբեկ ատեանին «որոշումը միջազգային արդարադատութեան արագաստանաւին նոր հովեր կը շնորհէ»: