ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները այնքան լարուած են, որ խորհրդարանին մէջ գրեթէ ամէն հարցի քննարկում՝ պայթուցիկ վիճակ կը ստեղծէ:
Կացութիւնը Երեքշաբթի, Փետրուար 2ին դարձեալ հակակշռէ դուրս եկաւ, երբ երեսփոխաններ իրարու վրայ յարձակեցան ու զիրար ծեծեցին գլուխի եւ բռունցքի հարուածներով, որուն հետեւանքով, ոմանք վիրաւորուեցան ու հիւանդանոց փոխադրուեցան։
Կռիւը ծագեցաւ երբ Ազգայնական շարժումի երեսփոխան Օսման Տուրմուշ ծաղրական ոճով «մարգարէ» որակեց վարչապետ Էրտողանը։ Տուրմուշ յիշեց, թէ վարչապետին կողակիցը, լաչակաւոր ըլլալուն համար չէր ընդունուած զինուորական հիւանդանոցէ մը ներս, երբ ան ուզած էր հիւանդի մը այցելութիւն տալ։ Ան հարցուց. «Դուք ինչպէ՞ս հիւանդանոցէն ներս չէք ընդունիր կողակիցը վարչապետին, որ կը թուի ըլլալ մարգարէ մը»։
Այս ծաղրական արտայայտութենէն ետք վարչապետը զայրացած ոճով ելոյթ ունեցաւ եւ ըսաւ. «Դուք իրաւունք չունիք անարգելու իմ կողակիցը։ Ասիկա լրբութիւն է։ Դուք իրաւունք չունիք պաշտպանելու կողակիցիս դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքը»։
Երբ վարչապետը կը խօսէր, երկու կուսակցութեանց երեսփոխաններուն միջեւ հայհոյանքով լեցուն բանավէճ ծագեցաւ ու նստարաններու վրայ կռիւը սկսաւ:
Կռիւին ընթացքին «Ազգայնական շարժում»ի կուսակցապետ Տեւլեթ Պահչելի բնաւ չմիջամտեց, իսկ սրահէն դուրս սպասող կարգ մը թիկնապահներ սրահ մտնել ուզեցին, բայց ոստիկանները արգելք հանդիսացան։
Մինչ վարչապետ Էրտողան տակաւին կը խօսէր, նիստին նախագահող Կիւլտալ Մումճու գոցեց վարչապետին բարձրախօսը ու դադար տուաւ նիստին։
Ըստ թրքական մամուլին, պատա-հածը վերջին տարիներուն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ամենակատաղի ծեծվռտուքն էր։