ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, ընդառաջելով ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի դիմումին, որոշած է հայ-թրքական ստորագրուած արձանագրութիւնները դնել քննարկման միայն յանձնաժողովի եզրակացութիւնը ստանալէն ետք:
Ռուստամեան ողջունեց ԱԺ նախագահի որոշումը եւ նշեց, որ արձանագրութիւններու հարցը մեծ հնչեղութիւն եւ կարեւորութիւն ունի, հետեւաբար ճիշտ պիտի չըլլար զայն քննարկել առանց մասնագիտական յանձնաժողովի եզրակացութիւնը ունենալու:
«Հարցի շուրջ քննարկումներ, լսումներ, խորհրդակցութիւններ, ընդլայնուած նիստեր են կազմակերպուելու յանձնաժողովում, որոնց արդիւնքում էլ ստանալու ենք առաջացած բոլոր հարցերի մասնագիտական պարզաբանումները: Անհրաժեշտ է բաց եւ խորը քննարկումներից յետոյ միայն քննարկման առարկայ դարձնել արձանագրութիւնները», յայտնեց Ռուստամեանը: