Ներսէս Ադամեանի «Յոյսի Եւ Լոյսի Հաւատով» բանաստեղծութիւններու հատորը, որ լոյս տեսած է 2008ին եւ տպուած՝ Լոս Անճելըսի «Արաքս» տպարանին կողմէ:
Բանաստեղծ Ներսէս Ադամեան, գիրքին «Ընթերցողիս հետ ի խորոց սրտի կամ ինքս իմ մասին» խորագիրը կրող նախաբանը կը սկսի՝ ըսելով. «Բանաստեղծութիւն գրելը ինքնարտայայտման մի ձեւ է, իմ ապրելակերպն է: Ընթերցողներ եւ ունկնդիրներ շատ ունեմ, բայց եթէ չունենամ էլ, եթէ անգամ ապրելիս լինեմ Ռոբինզոնի նման կղզիացած եւ յոյս չունենամ մարդու երես տեսնելու, դարձեալ կը գրեմ: Կը գրեմ ինքս ինձ համար: Բանաստեղծութիւնն իմ կեանքն է»:
290 էջնոց Ներսէս Ադամեանի գործերուն ծաղկաքաղը համարուող այս հատորին բանաստեղծութիւնները իւրայատուկ են ու կ՛արտացոլան բանաստեղծին ինքնուրոյն ներաշխարհը:

Ահաւասիկ օրինակ մը ճաշակելու պատառիկ մը՝ «Յոյսի Եւ Լոյսի Հաւատով»էն.
«Ոսկէ բառեր բառարանում,
Եւ գրքերում դարով պահւում,
Եւ պատմութեան թոհ ու բոհում,
Դիմանում է հայոց լեզուն:
«Ոսկէ տառերն անուն են դարձել,
Եւ Սուրբ հոգով մեկնաբանուել,
Երկար ու ձիգ դարեր անցել,
Բայց մեր լեզուն չի մոռացուել»: