Արեւմտեան թեմի տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, Բուն Բարեկենդանի տօնին առիթով կազմակերպուած էր խրախճանական ձեռնարկ մը, Կիրակի, Փետրուար 14ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի Կիրակնօրեայ դպրոցներու Վարիչ մարմինին ու Ծնողական յանձնախումբին։ Մասնակից եղան աւելի քան 300 հանդիսականներ։

Հանդիսավար Անի Մարապեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, միասնաբար երգուեցաւ «Հայր Մեր»ը։ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներ երգեցին Կիրակնօրեայ դպրոցներու քայլերգը եւ կատարեցին Կիրակնօրեայ դպրոցներու «աշակերտական ուխտ»ը։ Առաջնորդութեամբ ուսուցիչներու, կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտական կազմեր հանդէս եկան Բարեկենդանի տօնին նուիրուած երգերով, արտասանութեամբ եւ թատերական ներկայացումով։
Վարիչ մարմինին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, եւ հրաւիրեց առաջնորդը, որպէսզի ուղղէ իր պատգամը։ Առաջնորդը գնահատեց տարուած աշխատանքն ու ներկայութիւնը հոգաբարձական, երեսփոխանական կազմերու ներկայացուցիչներուն, տիկնանց եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերուն, աշակերտութեան, ծնողներուն, բարերարներուն ու բոլոր ներկաներուն, որոնք կը զօրակցին Ազգ. առաջնորդարանիս ու մասնակից կ՛ըլլան նմանօրինակ ձեռնարկներու յաջողութեան։ Ան բարձր գնահատեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու Վարիչ մարմինին պատասխանատու հայր Միւռոնը եւ ատենապետ Յակոբ æաղացպանեանը, Ծնողական յանձնախումբը եւ հիւրընկալ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներն ու հոգաբարձուները, ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերը, որոնք ամէն առթիւ նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրավիգ կը կանգնին կիրակնօրեայ դպրոցներու ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն։
Ապա առաջնորդը վեր առաւ Բարեկենդանի հոգեւոր իմաստը՝ շեշտելով մարդուն մէջ աստուածային պատկերին անաղարտ պահպանութիւնը, ինչպէս նաեւ յիշեցնելով, թէ «ազատութիւնը պէտք չէ չարաշահել կամ շփոթել սանձարձակութեան եւ անօրինութեան հետ, որ մարդս մարդկային իր արժանիքներէն կը պարպէ»։ Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքը եզրակացուց ըսելով. «Բարեկենդանը վերապրեցնելով նախամարդու դրախտային վիճակը՝ մարդուն կը յիշեցնէ իր առաքելութիւնն ու կոչումը, այս աշխարհի վրայ երկրաւոր իր դրախտը ստեղծելու. վերադարձի ճիգ մը՝ երկնային, դրախտային այն երանական կեանքին, որմէ պատուիրազանցութեամբ արտաքսուեցաւ»։
Ապա ան մաղթեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն պահեցողութեան դիմող հաւատացեալներուն ուխտը ընդունելի ըլլայ Աստուծոյ մօտ:
Յետմիջօրէն անցաւ նուագի եւ երգի զուարթ մթնոլորտի մէջ։ Նշան æաղացպանեան ժողովրդային եւ հայրենասիրական ուրախ երգերով խանդավառեց ներկաները։