ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համացանցային կայքէն կ՛իմանանք, թէ Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումէն անմիջապէս ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն այդ մասին յայտարարութիւն մը կատարած է։ Ան ըսած է, որ չի կարծեր, թէ անհրաժեշտութիւն կայ, որ այդ բանաձեւը մտնէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան օրակարգ։ Քլինթըն նշած է նաեւ, որ սոյն գործընթացով հետաքրքրուած բոլոր կողմերուն այդ մասին խօսուած է։
Սպիտակ տան բանբեր Մայք Համըր նախապէս ըսած էր, որ Քլինթըն Հինգշաբթի օր դիմած էր Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Հաուըրտ Պըրմընին՝ անկէ խնդրելով, որ առիթ չտայ օրինագիծի քննարկման։
Ըստ Քլինթընի, բանաձեւին քննարկումը պիտի վնասէ Հայաստան-Թուրքիա հաշտեցման գործընթացին, եւ անով բացատրած է այն իրողութիւնը, թէ ինք ու նախագահ Պարաք Օպաման փոփոխութեան ենթարկած են Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ իրենց անցեալի դիրքորոշումը:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տան բանբեր Ռապըրթ Կիպզ յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման կը կարծէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացումը պիտի դիւրացնէ երկու երկիրներուն միջեւ խնդիրներուն լուծումը։ Ան նշած է, որ Ուաշինկթընի կարծիքով, Թուրքիոյ խորհրդարանը պէտք է վաւերացնէ արձանագրութիւնները։
Dig.klinton lav genes Manooshagin hotvatse gartas Anklerenov,
hasgenas te Hye Zhoghovoort incher kashats ae Ankoot, Anskam,Anasdvats
VOJRAKORTS turk azkin peroomov,, ANTRATARTZEK TZER SEKHAL KAGHAKANOUYTENE,
TATARNEROON HED. ABREI HYE ZHOGHOVOORTE