ՆԻՒՓՈՐԹ ՊԻՉ, Քալիֆորնիա.- Հինգշաբթի, Մարտ 4ի երեկոյեան, ՀԵԴի անդամ եւ համակիր աւելի քան 150 ցուցարարներ մասնակցեցան Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Էլին Սուլէյմանովի դէմ ՀԵԴի կազմակերպած ցոյցին, որ տեղի ունեցաւ հարաւային Քալիֆորնիոյ Նիւփորթ Պիչ քաղաքի «Փըսիֆիք քլապ»ի առջեւ, «World Affairs Council»ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին:
Նշեալ ձեռնարկին ընթացքին Ատրպէյճանի միջազգային դերակատարութեան մասին ելոյթ ունեցած հիւպատոս Էլին Սուլէյմանով իր երկիրը ներկայացուց իբրեւ «ռազմագիտականօրէն կենսական դաշնակից մը Միացեալ Նահանգներու եւ այլ գերուժերու»:
Նկատի ունենալով, որ ցոյցը կը զուգադիպէր Սումկայիթի ջարդերու 22րդ տարելիցին, ցուցարարները նաեւ հայերու դէմ Ատրպէյճանի իշխանութեանց ջարդարար արշաւին նախաքայլը հանդիսացող այդ սպանդը դատապարտող կոչեր արձակեցին: