Կիրակի, Մարտ 7ին, առիթ ունեցայ ներկայ գտնուելու Քալիֆորնիոյ 43րդ ընտրաշրջանի խորհրդարանական թեկնածուներու ազատ բեմին, որ կազմակերպուած էր Միացեալ հայ երիտասարդութիւն կազմակերպութեան կողմէ, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ:
Ձեռնարկին գացած էի այն ակնկալութեամբ, որ թեկնածուները հրապարակային կերպով պիտի վիճէին ու փորձէին համոզել մեզ, թէ ինչո՛ւ պէտք է իրենց քուէ տանք:
Բեմին վրայ նստած էին երեք թեկնածուներ՝ Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամներ Շահէ Քէօրօղլեանն ու Նայիրի Նահապետեանը, եւ հանրապետական թեկնածու Սանտըր Ռամանին: Մայք Կաթթօն՝ դեմոկրատ երրորդ թեկնածուն, չէր ներկայացած հանդիպումին:
Ուշադիր բայց որոշ անհանգստութեամբ լսեցի ասուլիսը վարողին հարցումները եւ թեկնածուներու պատասխանները: Անհանգստութեանս աղբիւրը այս ասուլիսի բեմէն Կաթթոյի բացակայութիւնն էր:
Իր բացայակութեամբ, Կաթթօ երկու հայ թեկնածուներուն վրայ առաւել ուշադրութիւն հրաւիրեց: Երկու հայ թեկնածուներ կը պայքարին դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ 43րդ շրջանի թեկնածութիւնը շահելու համար:
Գիտեմ, այո՛ գիտեմ, որ Ապրիլ 13ին արտահերթ քուէարկութիւն պիտի ըլլայ: Այդ օրը գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ ոեւէ թեկնածուի համար շահիլ յիսուն տոկոսէ աւելի մեծամասնութիւն, որուն իբրեւ հետեւանք, Յունիսին պիտի կրկնուի քուէարկութիւնը՝ միայն իւրաքանչիւր կուսակցութեան քուէներու առաւելագոյն թիւ ստացողներու մասնակցութեամբ:
Անցեալ շաբաթ օրուան «Ասպարէզ»ին մէջ լոյս տեսած իմ յօդուածիս մէջ նշած էի, որ մեր մրցակիցները գտած են ձեւը մեր համայնքի քաղաքական ազդեցութեան հզօրացման առաջքը առնելու, եւ ձախողեցնելու հայազգի թեկնածուներուն ընտրութիւնը: Այդ ձեւը հայ թեկնածուներ իրար դէմ հանելու մարտավարութիւնն է, որ արդիւնաւէտ կերպով օգտագործուեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն:
Իսկական մարտահրաւէրի մը առջեւ կանգնած է մեր համայնքը: Մեզ պառակտելու, մեր ուժը ջլատելու մարտավարութիւնը ձախողեցնելու եւ մեր հակառակորդներուն յստակ պատգամ մը ուղարկելու խնդիրը ծառացած է մեր առջեւը:
43րդ ընտրաշրջանի ընտրութիւնները կարելի չէ սոսկ տեղական ընտրութիւն մը նկատել: Այս ընտրութիւններու ճամբով մենք պէտք է կարենանք Կլենտէյլէն մինչեւ Անգարա մեր հակառակորդներուն ցոյց տալ հայկական քաղաքական ուժի առկայութիւնը, ուժ մը, որ պիտի ծառայէ Հայ Դատի հետապնդման նպատակներու:
Այս ընտրութիւններուն մեր յաջողութեան գրաւականը կը հանդիսանայ մեր քուէները յաղթելու առաւել հաւանականութիւն ունեցող թեկնածուին վրայ կեդրոնացնելու մէջ: Այս չի նշանակեր, որ միւս թեկնածուն վատ անձ մըն է, եւ կամ ան մէկն է, որուն հետ ունինք կարեւոր տարակարծութիւններ:
Այս մեկնակէտէն ճամբայ ելլելով՝ ես ձեռնարկեցի տեղեկահաւաք աշխատանքի մը, կարենալ եզրակացնելու համար թէ, որ թեկնածուն առաւել հաւանականութիւն ունի յաղթելու՝ Նայիրի Նահապետեա՞նը, թէ Շահէ Քէօրօղլեանը: Իմ ձեռք ձգած տեղեկութեանց համաձայն, Փետրուար 27ի դրութեամբ, ըստ Քալիֆորնիոյ նահանգային քարտուղարութեան կայքէջի մէջ հրապարակուած զեկոյցին, Նայիրի Նահապետեանը իր ընտրապայքարին համար հանգանակած է 143,000 տոլար, Մայք Կաթթօն՝ 160,000, իսկ Շահէ Քէօրօղլեանը ոչ մէկ տեղեկութիւն տուած է իր հանգանակած գումարներուն մասին:
Նայիրի Նահապետեանին
զօրակցութիւն յայտնող քաղաքական անձնաւորութեանց եւ կազմակերպութիւններու թիւը իսկապէս տպաւորիչ է: Աշխատաւորական միութիւններու, մասնագիտական կազմակերպութիւններու, ոստիկաններու, մանկավարժներու եւ առողջապահութեան ոլորտի աշխատողներու, ինչպէս նաեւ հայ ազդեցիկ անձնաւորութիւններու ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան զօրակցութիւնը Նայիրիի թեկնածութեան, արդէն հրապարակուած է: Շահէ Քէօրօղլեանի օգտին ցարդ որեւէ ոչ հայ կազմակերպութիւն կամ քաղաքական անձնաւորութիւն զօրակցութիւն չէ յայտնած:
Քուէարկելու համար արձանագրուած հայ եւ օտար քաղաքացիներ, Նայիրիի ընտրական կեդրոնէն ստացած են բացատրական գրութիւններ եւ հեռակայ քուէարկութեան դիմումնագիրներ: Նայիրի բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է տարբեր թաղերու բնակչութեան եւ օտար շրջանակներու հետ: Շահէ Քէօրօղլեան քուէարկողներու հետ հաղորդակցելու համար, բաւարարուած է գլխաւորաբար Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի մէջ սփռուած հեռատեսիլի ծանուցումներով: Ան նաեւ գործի լծած է հայ կամաւորներ, որոնք հեռաձայնով կը կապուին քուէարկողներու հետ՝ անոնց կոչ ուղղելով քուէարկելու իր օգտին:
Պէտք է յիշել, որ 43րդ ընտրաշրջանին մէջ կ՛յինան Նորթ Հոլիվուտը, Վան Նայզը, Թըլուքա Լէյքը, Սիլվըր Լէյքը, Վալի Կլէն եւ Աթուաթըրը՝ Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի հետ միասին:
Այս ընտրութիւնը հայկական քուէով միայն կարելի պիտի չըլլայ շահիլ: Պիտի յաղթէ այն թեկնածուն, որ պիտի կրնայ նաեւ իր կողքին ապահովել օտար շրջանակներու նեցուկը: Դժբախտաբար, Շահէն օտար շրջանակներու մէջ շատ քիչ կողմնակիցներ ունի: Այս պայմաններուն տակ, ամէնէն պատուաբեր գործը Շահէի համար, պիտի ըլլայ հանել իր թեկնածութիւնը եւ կոչ ուղղել իր շրջանակին թիկունք կանգնելու Նայիրիի թեկնածութեան: Այդ ձեւով կարելի կ՛ըլլայ սրբագրել այս պատկերը: