
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Էլեն Ֆլորտըն յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ապօրինի բնակող հայերը վտարելու մասին վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքերը մտահոգիչ են եւ անընդունելի։
Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարը, ընդգծելով, որ Թուրքիոյ մէջ ապօրինի կերպով աշխատող հայերը զուրկ են ամէն տեսակի իրաւունքներէն եւ կ՛ենթարկուին ոստիկանութեան ճնշումներուն՝ քննադատած է Էրտողանի սպառնալիքը, զայն նկատելով «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ հայաստանցի գաղթականները իբրեւ ճնշումի լծակ գործածելու» փորձ։
Իր կարգին, Ֆրանսայի կառավարութեան ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութիւնը խստօրէն քննադատած է Էրտողանի սպառնալիքը։ Ֆրանսական լրատուամիջոցներու համաձայն, Էրտողանի սպառնալիքներու առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարած է Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ժան Քրիսթոֆ Քամպատելին։ Ան ըսած է. «Եթէ իրականութիւն դառնայ այդ սպառնալիքը, ծանր հարուած պիտի հասցուի մարդկային իրաւունքներուն եւ Եւրոպական Միութեան մարդասիրական արժէքներուն։ Եթէ Թուրքիան Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին իրականացուած յանցագործութիւններու համար պատասխանատու չէ, ապա բարոյական պարտք ունի ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը»։
Ան աւելցուցած է, թէ Էրտողանի յայտարարութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման դէմ ուղղուած «դաւ» է։
Միւս կողմէ, Շաբաթ օր, Պոլսոյ մէջ դարձեալ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակիցները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Թուրքիոյ մէջ ապօրինաբար բնակող հայերը երկրէն արտաքսելու գծով Էրտողանի յայտարարութեան առնչութեամբ։ Ցուցարարները թրքերէնով, հայերէնով, անգլերէնով եւ քրտերէնով «Մինակ չէք» գրութեամբ ցուցապաստառներ բարձրացուցած էին։ Բացի ատկէ, անոնք պոռացած են. «Թայիփ Էրտողանը պէտք է արտաքսել» եւ «Աշխարհը առանց ազգերու, սահմաններու եւ դասակարգերու»։ Բողոքի ցոյցը խաղաղ աւարտ ունեցած է։
Ցուցարարները նաեւ մամուլին մէջ հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որով Էրտողանը կը մեղադրեն այլ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերու վաւերացման դէմ պայքարին մէջ՝ հայ գաղթականները իբրեւ խաղաքարտ օգտագործելու յանցանքով: «Մենք խստիւ կը դատապարտենք Էրտողանը եւ անոնք, որոնք կը կիսեն այս ցեղապաշտ եւ անարդար կեցուածքը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Այդպէս կ ‘երեւի թէ, վարչապետ Էրտողան Հայաստանցիներու մասին իր ըրած յայտարարութիւններէ եւ ստացած
բողոքներէ վերջ ստիպուեցաւ դրական գայլ մը նետել սիրաշահելու համար Հայ համայնքը եւ դաթրեցնելու համար Եւրոպայէն եկած բողոքները:Վաղը 26 Մարտ Ուրբաթ օրը Պոլսոյ Հայ համայնքի վարիչները եւ ատենապետները Անքարա կանչուեցան էրտողանի կողմէ:ես կը կարծեմ թէ հաւանական է որ այս ժողովէն, Թուրքիա ապորինի կերպով աշխատող Հայաստանցիներուն երեխաներուն Պոլսոյ Հայ վարժարաններու մէջ ուսանելու հրամանը պիտի ելլէ:Սպասենք եւ տեսնենք: