ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Հայ ժողովուրդը այն համոզումը ունի, որ հայեւթուրք երկխօսութիւնը անխուսափելի պահանջ է հայեւթուրք տագնապի լուծման ի խնդիր. սակայն այդ երկխօսութիւնը տեղի պէտք է ունենայ ըստ էութեա՛ն եւ ոչ թէ լոկ ըստ ձեւի, միջազգային հանրային կարծիքի աչքին փոշի փչելու եւ լուսանցքային խնդիրներու քննարկման մէջ թաղելու համար առանցքային հարցը՝ Հայ Դատը, այն ալ դեռ հայ մարդոց միջոցաւ»։
ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ, 1980
Խորագրով կատարուած հարցադրումը այլեւս բանավէճի նիւթ չէ. աւելի քան տեղին է եւ այժմէական հնչեղութիւն ունի։
Թուրքիոյ վարչապետը՝ Էրտօղան ի՛նք պատռեց կեղծիքի քողը ու հարցականի տակ դրաւ հայեւթուրք երկխօսութեան հնարաւորութիւնը, երբ Մ. Նահանգներու եւ Շուէտի օրէնսդրական հայանպաստ բանաձեւերուն բրտօրէն հակադարձեց ու Թուրքիոյ մէջ ապրող եւ աշխատող Հայաստանի քաղաքացիները վտարելու սպառնալիք կատարեց։
Ամբողջ երկու տարի դիւանագիտական ճարտասանութեան այնքան նրբահիւս շղարշով ծածկուած հայեւթուրք երկխօսութեան կեղծիքը, յանկարծ, իր ամէնէն գռեհիկ մերկութեամբ պարզուեցաւ աշխարհի բաց աչքերուն առջեւ։
Թուրքիոյ վարչապետը, որ սահմանադրականօրէն երկրի կառավարման թիւ 1 պատասխանատուն է, եկաւ ամենայն ամբարտաւանութեամբ եւ անպատկառութեամբ հաստատելու, որ թրքական պետութեան համար ընդունելի չի կրնար ըլլալ, որ Հայեւթուրք Արձանագրութիւնները ստորագրած Հայաստանի իշխանութիւնները այդպէ՛ս, իրենց ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, ուղղակիօրէն կամ անուղղակի ձեւով սատար կանգնին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կատարող ամերիկեան եւ շուետական բանաձեւերուն։
Հակառակ անոր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները նախաձեռնողը չէին Մ. Նահանգներու քոնկրէսական յանձնախումբին կամ Շուէտի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւերուն, այդուհանդերձ՝ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ըստ երեւոյթին կը սպասէին պաշտօնական Երեւանէն, որ հեռաւորութիւն պահէ արտասահմանի հայերուն այդօրինակ քայլերէն, նոյնիսկ չձայնակցի նման նախաձեռնութեանց։
Անշուշտ առանձնաբար քննելի հարց է, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ վարիչները նման ակնկալութեամբ կը նային Հայաստանի պետական ղեկավարութեան։ Տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութիւններով նախատեսուած՝ պատմական հարթութեան հարցերու քննարկման միջ–պետական յանձնաժողովի մը կազմութիւնը թերեւս հիմք կը ծառայեցուի Թուրքիոյ վարիչներուն այսօրինակ ակնկալութեան։ Բայց չէ՞ որ Հայաստանի նախագահը քանիցս յայտարարած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը քննարկման առարկայ չէ եւ չի կրնար ըլլալ իրեն համար…
Այս «Օրուան մտածում»ին հարցը այդ չէ սակայն։
Այսօրուա՛ն հարցը նոյնինքն հայեւթուրք երկխօսութեան հնամեայ կնճիռն է, որուն նորագոյն փուլը՝ Հայաստան–Թուրքիա պետական երկխօսութեան եւ մերձեցման երկամեայ փորձը կարծէք ինքզինք սպառած է այլեւս։ Այնքան ալ հաստատօրէն կարելի չէ վճռել, որ սպառած է… որովհետեւ թէ՛ Անգարան, թէ՛ Երեւանը դեռ յետս չեն կոչած Արձանագրութիւնները, իսկ Սպիտակ Տունը ամէն գնով անոնց վաւերացումը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ։
Ինչ որ ալ ըլլայ, սակայն, Արձանագրութեանց ճակատագիրը, հայ քաղաքական միտքը վերստին կանգնած է հիմնական հարցադրումին առջեւ. ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ հնարաւոր է հայեւթուրք երկխօսութիւնը։
Անցնող երկամեակին շատ բարձր հնչեց Հայաստանի նախագահին պատասխանը՝ պատմական երկար հոլովոյթէ անցած հայեւթուրք երկխօսութեան կնճռին։ Դժուարին պայմաններու մէջ ընտրական յաղթանակ ապահոված Հայաստանի այժմու նախագահը, Մայիս 2008ին, մեր պատմութենէն քաղուած լրջագոյն դասեր ծալեց մէկ կողմ դրաւ, երբ առանց նախապայմանի մերձեցման եւ երկխօսութեան հրաւէր ուղղեց Թուրքիոյ նախագահին։
Մինչեւ այսօր եւ նոյնիսկ այսօր, երբ Թուրքիոյ վարչապետը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ չարծարծելու նախապայմանով կը նայի հայեւթուրք պետական երկխօսութեան, Հայաստանի նախագահը կը շարունակէ կրկնել իր այն համոզումը, թէ հայեւթուրք երկխօսութիւնը ոչ միայն հնարաւոր է, այլեւ պատմական անհրաժեշտութիւն է. կը բաւէ, որ երկխօսութեան կողմերը նախապայմաններ չդնեն։
Հայաստանի նախագահին «ինքնավստահութեան» շարունակական զեղումներուն ծանօթ հայ մարդը կը դժուարանայ պատկերացնելու, թէ պր. Սերժ Սարգսեան ի վերջոյ հաշուի պիտի նստի՞ մեր ժողովուրդի պատմութեան հետ, դաժան ու դառն կենսափորձով հաստատուած պատմական դասերուն հետ։ Պիտի անդրադառնա՞յ ի վերջոյ, թէ հայեւթուրք երկխօսութիւնը ե՛ւ պետութիւններու, ե՛ւ ժողովուրդներու մակարդակին վրայ կրնայ կայանալ միայն այն ատեն, երբ Թուրքիոյ պետական ղեկավարութիւնը պատրաստ ըլլայ ամբողջացնելու որոշ պայմաններ։
Դժուար է նախատեսել։
Բայց դժուար չէ Հայաստանի նախագահին հետեւողականօրէն յուշել, որ հայեւթուրք երկխօսութեան կնճռին տրուած պատասխաններով հարուստ է հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն շրջանը։ Յատկապէս հայ ազգային–ազատագրական շարժման 19րդ դարավերջի շղթայազերծումէն ասդին, Դաշնակցութիւնը ոչ միայն երկխօսութեան, այլեւ գործակցութեան ու հաշտութեան փուլեր աւելցուցած է ազգամիջեան հակամարտութեանց, հայեւթուրք պետական պատերազմի եւ հակաթուրք ուժական պայքարի արիւնոտ թղթածրարին վրայ։
Կը բաւէ, որ Հայաստանի նախագահն ու ռազմավարական իր խորհրդատուները ազգային պատասխանատուութեան ոգիով հակին այդ թղթածրարին վրայ։
Զուգադիպութիւն է, անշուշտ, բայց Մարտ 28ին կը լրանայ 25ամեակը ականաւոր դաշնակցական եւ հայ ազգային–քաղաքական ղեկավար գործիչ տարաբախտ Սարգիս Զէյթլեանի անարգ առեւանգումին եւ ընդմիշտ անհետացումին։ Եւ Ս. Զէյթլեանի կողմէ երեսնամեակ մը առաջ գրուած ու Հ.Յ.Դ. ատենի պաշտօնաթերթ «Ազդակ Շաբաթօրեակ–Դրօշակ»ի 1980ի թիւ 10ին մէջ լոյս տեսած «Երկխօսութիւն» խմբագրականը կրնայ լաւագոյն յուշարարը ըլլալ հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ առաջնորդներուն, որպէսզի խնայեն ե՛ւ իրենց, ե՛ւ մեր ժողովուրդին աւելորդ փորձութիւններ…
Սոսկական խմբագրական մը չէ «Հայեւթուրք տագնապի փարատումին ի խնդիր» ենթախորագիրը կրող այդ հրապարակումը։ Նախ՝ իբրեւ խմբագրական, ոչ միայն Սարդիս Զէյթլեանի սեփական մօտեցումը, այլեւ Դաշնակցութեան ներկայ վարքագիծը հունաւորած ղեկավար ամբողջ սերունդի մը ազգային–քաղաքական մտածողութիւնը խտացուած է հոն։ Ապա՝ հայեւթուրք երկխօսութեան կնճռին այսօրուան քննարկումին եւ վճռահատումին համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, իբրեւ 1970ականներու վերջերուն տեղի ունեցած հայեւթուրք քաղաքական երկխօսութեան դասերը խտացնող փաստաթուղթ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ կատարուած խորհրդապահական այդ հանդիպման ու երկխօսութեան մասին յղումներ եւ ակնարկութիւններ պարբերաբար, օրին թէ հետագային, լոյս տեսած են հայկական մամուլի էջերուն։ Արժանացած են նաեւ թեր ու դէմ գնահատականներու։ Այդ բոլորին անդրադառնալու տեղը չէ, բայց այսքանով կարելի է շեշտել, որ խօսքը կը վերաբերի հայեւթուրք յարաբերութեանց կարեւոր մէկ փուլին՝ Հայ Դատի ուժական պայքարի հանգրուանին տեղի ունեցած պաշտօնական երկխօսութեան եւ անկէ քաղուած դասերը խտացնող Դաշնակցութեան մօտեցումին։
Խմբագրականի մեկնարկին՝ հաստատելէ ետք, որ 1) ի տես Հայ Դատի ուժական պայքարի ուժեղացման՝ միջազգային եւ յատկապէս արեւմտեան ազդեցիկ շրջանակներ սկսած են շեշտել հայեւթուրք երկխօսութեան եւ հաշտութեան հրամայականը, 2) պատմական զարգացման բերումով հայ եւ թուրք ժողովուրդները կոչուած են իբրեւ դրացիներ ապրելու եւ ըստ այնմ բնականոնացնելու իրենց յարաբերութիւնները, 3) ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը եւ որոշապէս Դաշնակցութիւնը աւելի քան պատրաստակամ են յարաբերութեանց նոր եւ աւելի յուսալի էջ մը բանալու երկխօսութեան, Ս. Զէյթլեան անմիջապէս մատը կը դնէ հայեւթուրք կնճռի բուն վէրքին վրայ եւ կը վճռահատէ.
– Թուրքիոյ ղեկավար վերնախաւը ի՛նք տրամադիր չէ հայեւթուրք երկխօսութեան։
Հայ ժողովուրդին բուն ողբերգութիւնն ալ կը կայանայ ճիշդ այդ իրողութեան մէջ։
Թուրք պետական մտածողութիւնը պատրաստ չէ հայութեան հետ երկխօսութեան՝ նախ այն պատճառով, ինչպէս Ս. Զէյթլեան կը հիմնաւորէ, որ Օսմանեան Կայսրութիւն կոչուի թէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, սուլթան Համիտով ղեկավարուի թէ Քեմալ Աթաթուրքով, թուրք վարիչ վերնախաւը վճռած է իր «տարածք»էն ջնջել հայկական ամէն հետք։ Երկրորդ՝ հայեւթուրք իսկական երկխօսութիւնը մերժելու Թուրքիոյ մերօրեայ ղեկավարութեան կամակորութիւնը կը ներշնչուի նաեւ այն ներքին համոզումէն, որ կարելի չէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ընդունիլ եւ պատասխանատուութիւնը նետել Օսմանեան Կայսրութեան վրայ ու առաջ անցնիլ, որովհետեւ Քեմալի ձեռքերը նոյնքան արիւնով թաթախուած են. առնուազն քառորդ միլիոն հայ կոտորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ քեմալական արշաւանքին հետեւանքով։ Դեռ չենք խօսիր Կիլիկիոյ վերջնական պարպումի ժամանակ, քեմալականներու ձեռամբ, հայութեան ունեցած կորուստներուն մասին։ Իսկ ամէնէն ծանրակշիռ եւ մտահոգիչ իրողութիւնը ա՛յն է, որ ինչպէս 1970ականներուն, նաեւ մեր օրերուն թուրք վարիչ վերնախաւը եւ ընդհանրապէս թուրք պետական մտածողութիւնը պատրաստ չեն ճանչնալու հայ ազգային–քաղաքական ինքնութեան իրաւունքը՝ սեփական հողերուն վրայ ազգային պետականութեամբ ապրելու։
Հայեւթուրք երկխօսութիւնն ու հայեւթուրք յարաբերութիւններու բնականոնացումը խոչընդոտող մնացեալ բոլոր դժուարութիւնները ածանցեալ են հիմնական այս չարիքին։
Ինչպէս որ Ս. Զէյթլեան կրկնութեան գնով կը շեշտէ, թրքական պետութիւնը թէ՛ լաւագոյնս գիտէ հայեւթուրք երկխօսութիւնը յառաջ մղելու եղանակները, թէ՛ իր ձեռքն են դրական շրջադարձ կատարելու բոլոր հնարաւորութիւնները։ Հայկական կողմը, նոյնիսկ պետական իր անկախութիւնը վերականգնած ըլլալու այսօրուան պայմաններուն մէջ, ի վիճակի չէ իր անշարժ կէտէն դուրս բերելու եւ յառաջ մղելու հայեւթուրք երկխօսութեան «սայլը», այնքան ատեն, որ թրքական պետութիւնը չ՚ուզեր ամբողջացնել իր քաղաքական կամքէն կախեալ հետեւեալ երեք նախադրեալները.–
«1) Ընդունիլ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը, իբրեւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ազգասպանութեան արարք։
«2) Ճանչնալ հայ ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքը, իբրեւ ազգային եւ քաղաքական ուրոյն միաւոր։
«3) Հաստատել հայ ժողովուրդի ազգային ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ իր հայրենի բնօրրանին մէջ, պատմական ու ազգագրական հիմունքներով ծանօթ հայկական հնաւա՛նդ այն հողամասերուն վրայ, որոնք բռնագրաւուած կը մնան այսօր թուրք պետութեան կողմէ՝ հայ բազմութեանց բռնի արտաքսումէն եւ Հայկական Ցեղասպանութենէն ի վեր»։
Երեսուն տարի առաջ եւս, շրջանային եւ միջազգային պայմաններու դասաւորման բերումով, բայց մանաւանդ Հայ Դատի պայքարին սաստկացումը իր սաղմին մէջ խեղդելու մտասեւեռումով, մեծապետական աշխարհն ու Թուրքիան հետեւողական փորձեր կատարեցին, որպէսզի հայեւթուրք երկխօսութիւնը իր մեռեալ կէտէն շարժեն եւ դէպի «հաշտութիւն» մղեն։
Բայց այդ փորձերը հետամուտ էին պարզապէս երկխօսութեան խաբկանքը ստեղծելու եւ հաշտեցման կեղծ մթնոլորտ մը պատրաստելու նպատակին, որպէսզի հայ քաղաքական միտքը վար դնէր Իրաւունքի եւ Արդարութեան համար վերազարթնած Հայ Դատի ուժական պայքարին զէնքերը։
Օրին թրքական կեղծիքն ու անոր տրուած մեծապետական օրհնութիւնը մերկացուեցան հայ քաղաքական մտքի ազգային–միասնական հաստատակամութեամբ։
Պատմութեան ճիշդ ա՛յս դասը մտահան պէտք չէ ընեն հայ քաղաքական մտքի այսօրուան ղեկավարութիւնը ստանձնած Հայաստանի իշխանութիւնները։
Հայաստանին, Հայ Դատին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին կարելի էր խնայել հայեւթուրք կեղծ երկխօսութեան մերօրեայ փորձութիւնը, եթէ Սարգիս Զէյթլեաններու սերունդին փորձառութենէն օգտուելու քաջութիւնը չպակսէր այսօրուան մեր պետական այրերուն։
Բայց ճամբան տակաւին մեր առջեւն է եւ Հայաստանի նախագահը ի վիճակի է սրբագրելու իր ընտրած ուղին, եթէ ունկնդիր մնայ տարաբախտ հայ ղեկավարին պատգամին.
– «Երկխօսութիւն, այո՛, սակայն տագնապը ըստ էութեան լուծելու, պատասխանատուութիւնները լիովին ընդունելու եւ հետեւանքները ստանձնելու վճռական յանձնառութեամբ՝ Հայ Դատի լուծմա՛ն նախապայմանով»։