ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ թայիփ Էրտողան, Երկուշաբթի, 12 Ապրիլին, Ուաշինկթընի Ճորճ Մէյսըն համալսարանի մէջ իսլամական հետազօտական կեդրոնի բացման ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ յայտարարած է, որ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումները Հայաստանի շահերէն չեն բխիր:
«Մենք կտրուկ կը մերժենք 1915ի իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն դատապարտելը: Մենք կը կարծենք, որ պատմութիւնը պէտք է հետազօտեն եւ գնահատեն պատմաբանները, ոչ թէ խորհրդարանները», յայտարարած է Էրտողան՝ աւելցնելով, որ Անգարան յայտարարած է իր արխիւները բանալու պատրաստակամութեան մասին, եւ կոչ ըրած է այլ երկիրներու նոյնպէս բանալու իրենց արխիւները: Էրտողան յիշեցուցած է, որ 2005ին, Հայաստանի նախագահին առաջարկած է պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծել, «սակայն մեր այդ նախաձեռնութիւնը մնաց անպատասխան»:
Նշենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյն օրը, Ուուտրօ Ուիլսընի յուշարձանին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ յայտարարեց, թէ Հայաստանը երբեք չի կրնար համաձայնիլ Ցեղասպանութեան հարցը կասկածի ենթարկող որեւէ քայլ կատարելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.