ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացը ինքնին ու անոր առնչուող բոլոր բանակցութիւնները, մարտավարական խաղերը, այլեւս կը կատարուին բաց կերպով, թափանցիկ:
Այն ինչ, որ այս գործընթացի սկզբնական օրերուն իբրեւ զգուշացում, իբրեւ վտանգ ու սպառնալիք կը ներկայացուէր մեր կողմէ, այժմ, թրքական ղեկավարութիւնը, համբերատար ու մարտավարական խաղերով թաքնուած իր գործելակերպէն կարծես յոգնած՝ արար աշխարհին բացայայտ դարձուցած է իր հետապնդած նպատակները:
Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ընթացքը կանգնեցնելու, Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը յօգուտ Ատրպէյճանի լուծելու ցարդ թուացեալ կերպով սքօղուած թրքական ծրագիրը չտեսնել ձեւացող Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ճարտարապետներու հետապնդած նպատակը՝ մեզի համար կը մնայ անծանօթ:
Ուաշինկթընի մէջ, սակայն, հայկական կողմը յստակ դարձուց, որ այլեւս միամիտ չ՛ուզեր ձեւանալ, ու պատրաստ է քայլեր առնելու՝ դժուարացնելու համար թրքական ծրագրին մինչեւ վերջերս դիւրասահ ընթացքը:
Ինչ որ անհասկնալի կը մնայ մեզի, այն դրդապատճառներն են, որոնք կը մղեն Հայաստանը վերջնականապէս դուրս չգալու այս խաղէն՝ զրկելով Թուրքիան տարբեր ճարպիկութիւններով անշնչացած այս ամբողջ գործընթացը վերակենդանացնելու հնարաւորութենէն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպաման կրնայ ըլլալ, որ պարզ ընտրարշաւի խոստումէ մը խուսափելէն աւելի մեծ ու ազնիւ նպատակներ կը հետապնդէ իր միջնորդութեամբ: Այդ ազնիւ նպատակը կրնայ կապ ունենալ Կովկասի մէջ դիմացկուն կայունութիւն մը յառաջացնելու ամերիկեան մեծ ծրագրի մը հետ: Ընդունելով հանդերձ, որ նման ծրագիր մը միայն բարիք կրնայ ապահովել բոլոր կողմերուն՝ Հայաստանի նախագահը պարտաւոր է նախագահ Օպամային յուշել, որ տեւական կայունութիւն այդ շրջանին մէջ հնարաւոր կ՛ըլլայ, երբ Թուրքիան որոշէ հաշտուիլ իր պատմութեան հետ ու ստանձնել իր պարտաւորութիւնները հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Այլապէս, հայ-թրքական արձանագրութիւններու խեղկատակութիւնը արհեստականօրէն ու ապարդիւն կերպով պիտի շարունակուի, միայն այն տարբերութեամբ, որ այլեւս Թուրքիան պիտի շարժի թափանցիկ քայլերով, առանց թաքցնելու իր նպատակները: