Դար մը առաջ, 1910ին, համաշխարհային եւ սփիւռքեան ծանր պայմաններու մէջ, Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդին ծառայութեան կոչուած Հայ օգնութեան միութիւնը: Ազգային մեծ գործիչ Է. Ակնունիի տեսլականով, մտայղացումով եւ ջանքերով հիմնուած հայ կնոջ այս կազմակերպութիւնը, ոչ միայն շուտով իր արմատները նետեց աշխարհի բոլոր հայահոծ գաղութներէն ներս, այլեւ իր ժողովուրդի անմիջական կարիքներուն ու անոր բարօրութեան ի խնդիր ծառայութեան դաշտ իջաւ՝ կազմակերպուած, ծրագրուած ու նոյնքան կարողական ձիրքերով օժտուած:
Համայն աշխարհը անվերապահօրէն կրնայ վկայել, որ ՀՕՄը, աշխարհի չորս ծագերուն, իբրեւ մեծ ընտանիք, շնորհիւ իր բազմահազար ուխտեալ անդամուհիներու հաւատքով նուիրումին, անվերապահ ու անսակարկ զոհաբերութեան, անցնող հարիւր տարիներուն մնաց ամուր, աշխոյժ ու երիտասարդ, ու դարձաւ հայկական հսկայ այն կազմակերպութիւնը, որ միայն պատիւ ու յարգանք կը բերէ զինք ծնած ժողովուրդին: Այս օրերուն ամէն տեղ պատշաճօրէն ու յարգանքով կը նշուի սոյն միութեան հիմնադրութեան դարադարձը:
Այս առիթով, Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափարը յղացած է այս շրջանի ՀՕՄի հովանին վայելող Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներով կազմակերպելու աշակերտական ձեռնարկ մը:
Աշակերտական այս յատուկ ու պատշաճ յայտագիրին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շաբաթօրեայ վարժարանները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երգչախմբային զանազան երգերով, մեներգներով, պարերով, հայկական տարազներու ցուցադրութեամբ, ՀՕՄի պատմականի ներկայացումով եւ գրական ու երաժշտական ծրագիրով:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 17ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10ին, Կլենտէյլի Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան (AYAC) սրահին մէջ, (1811 S. Glendale Ave, Glendale, CA 91205): Մուտքը ազատ է: