ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժնի ղեկավար Ալի Հասանով երէկ յայատարարած է, թէ «Պաշտօնական Պաքուն դժգոհ է ԱՄՆի՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկրի, դիրքորոշումէն»:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Հասանով նշած է, թէ Ուաշինկթըն յաճախ կողմնակալ դիրքորոշում կ՛որդեգրէ եւ կը պաշտպանէ Հայաստանը:
«Մենք հրապարաւ կը յայտարարենք, որ դժգոհ ենք Մինսկի խումբի ծիրէն ներս՝ ԱՄՆի գործունէութենէն: Ցաւօք, հայկական լոպիի ազդեցութեան տակ, ամերիկեան շրջանակները կը սատարեն պաշտօնական Երեւանին», յայտարարած է Ալի Հասանով:
Ըստ ատրպէյճանցի պաշտօնատարին, ԱՄՆ վերջին շրջանին Հայաստանի ընկերային- տնտեսական խնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ ջանքեր կը գործադրէ՝ ստիպելով հարեւան երկիրներուն, որոնց շարքին՝ Թուրքիային՝ Հայաստանի հետ ստեղծել քաղաքական եւ տնտեսական կապեր:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հանդէպ Անգարայի դիրքորոշման՝ Հասանով նշած է, թէ Պաքուն գոհ է այդ դիրքորոշումէն:
Նոյն օրը, Թերրի Տէյվիտսըն, որ ԱՄՆի դեսպանատան ներկայացուցիչն է Ատրպէյճանի մէջ, անդրադարձած է Հասանովի յայտարարութեան եւ մատնանշած, թէ Ուաշինկթըն հաւասարակշիռ մօտեցում կը ցուցաբերէ Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման հարցին գծով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.