ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերներէն Մարք Թոնըր «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով Ատրպէյճանի որոշ պաշտօնատարներու այն ամբաստանութեանց, թէ Ուաշինկթըն հայամէտ դիրքորոշում ունի՝ յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ անկողմնակալ է:
«Պէտք է շեշտեմ, որ իբրեւ այս խումբի համանախագահ, հակամարտութեան համար լուծում գտնելու նպատակով Միացեալ Նահանգները կ՛աշխատի ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ», ըսած է Թոնըր՝ աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգները չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը։ Մենք կողմնակալ դիրքեր չենք ընդունիր եւ հակուած ենք հակամարտութեան խաղաղ լուծում գտնելուն»։
Անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ կապերուն՝ Թոներ ըսած է, թէ Թուրքիա հզօր դաշնակից է ու տարածաշրջանին մէջ գործընկեր. ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ կը հաւատայ, որ այս երկիրը կրնայ շինիչ դեր ունենալ։ «Մեր նպատակը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումն է», նշած է ան։
Պաքու վերջերս կը պնդէ, որ Ուաշինկթըն ի նպաստ Հայաստանի կը գործէ: Ան նաեւ դժգոհ է, որ Ատրպէյճան չէր հրաւիրուած Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հիւլէական ապահովութեան գերաստիճանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.