ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, Մայիս 6ին կայացաւ Ազատ Վարդանեանի՝ «Արարատի գաղտնիքները կամ Նոյեան Տապանը յայտնաբերելու ճանապարհին» խորագիրով դասախօսութիւնը:
Մեծ վտանգներու ենթարկուած դասախօսը տեսագրած եւ լուսանկարած է Մասիսի ստորոտին գտնուող հայկական աւաններ, գիւղեր եւ գերեզմանատուներ, որոնց արդիւնքով, ան պատրաստած է իր վերջին մենագրութիւնը, որ կը պատմէ այդ տարածաշրջանին մէջ զոհուած հայերու մասին եւ ցոյց կու տայ անոնց մասունքները: Նախապէս, նման փաստահաւաք աշխատանք, հնարաւոր չէ եղած իրականացնել զինուորական արգելքներու պատճառով:
Ըստ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի, Ազատ Վարդանեան իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրած է Արարատ լերան լանջերը եւ գտնուած է շատ անհասանելի վայրեր: «Նա ուսումնասիրութիւնների արդիւնքում տեսագրել եւ լուսանկարել է փաստեր, որոնք ապացուցում են հայկական ներկայութեան փաստը Արարատի լանջերին՝ այն տեղերում, որտեղ վտանգաւոր է գտնուել», յայտնեց Հայկ Դեմոյեան՝ աւելցնելով, որ այդ բացառիկ նիւթերը Ա. Վարդանեան ամփոփած է երկու ժողովածուներու մէջ:
Ազատ Վարդանեանի խօսքով, իրեն համար մեծ հաճոյք եւ պատիւ է կրկին այցելել Հայաստան: «Ես 20 տարի է, որ կը ճանչնամ ա՛յն Հայաստանը, զոր բացայայտած եմ իմ ճամբորդութիւններուս ընթացքին, բայց չէի ճանչնար ա՛յս Հայաստանը, որ մնացած է», յայտնեց Ա. Վարդանեան, որուն խօսքով, ցուցադրութեան համար ընտրած է այնպիսի նկարներ, որոնք իւրայատուկ են եւ ունին յատուկ իմաստ: «Կան նկարներ, որոնք վերցուած են Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքի դիւանէն: Տարիներ շարունակ կը համագործակցիմ Մխիթարեան միաբանութեան Մայրավանքին հետ, եւ այս նկարներուն մեծամասնութիւնը առաջին անգամն է, որ կը ցուցադրեմ», ըսաւ Ազատ Վարդանեան:
Նշենք, որ վերջին քսան տարիներուն ընթացքին, ան հետազօտութիւններ իրականացուցած է Արարատ լերան տարածքին՝ Նոյեան Տապանի մնացորդները յայտնաբերելու համար: Այդ միջոցին, իտալացի ճամբորդը բազմիցս շրջած է Մասիս լերան տարբեր սառցադաշտերու բազմաթիւ ճեղքերուն ու խոռոչներուն մէջ, եւ մեծ ջանքերով յայտնաբերած է հնամենի փայտի եզակի կտորներ, որոնք վերջին 60 տարիներուն ընթացքին յայտնաբերուած կտորներուն ամենահինն են: «Մասիս լերան վրայ բուսականութիւն չկայ, այդ իսկ պատճառով, գտնուած փայտը միայն մարդու կողմէ կրնար այնտեղ յայտնուած ըլլալ, իսկ քանի որ փայտի կտորներուն վրայ յայտնաբերուած են նաեւ կուպրի հետքեր, կարելի է վստահ ըսել, որ անիկա միայն նաւի փայտ կրնայ ըլլալ», մեկնաբանեց Ազատ Վարդանեան:
Նշենք նաեւ, որ տարիներու ընթացքին, ճամբորդը լերան ստորոտի ամբողջ տարածքին յայտնաբերած է հայկական ներկայութեան բազմաթիւ հետքեր: Ծովու մակերեւոյթէն երկու հազար մեթր եւ աւելի բարձրութեան վրայ յայտնաբերուած են հայկական աւաններու, եկեղեցիներու, տուներու եւ ջրաղացներու աւերակներ: Ցեղասպանութեան տարիներուն Մասիս լերան լանջերուն սպաննուած են տասնեակ հազարաւոր հայեր: Ընդհանուր գերեզմանափոսերը, ուր յայտնաբերուած են չորս հազար հոգիի մասունքներ, գտնուած են Մեծ եւ Փոքր Մասիսներու այն տարածքներուն վրայ, որոնք կը վերահսկուին քիւրտ զինեալներու կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.