
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 8 Մայիս 2010ին, Վեն Նայսի «Պըրմինկհամ հայ սքուլ»ի մարզադաշտերուն վրայ, պաշտօնապէս սկիզբ առին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերը՝ պասքեթպոլի մրցումներով:
Գեղեցիկ սովորութիւն դարձած Նաւասարդեան ջահի օրհնութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 1ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ խաչքարին առաջ, ուր համախմբուած էին ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, Նաւասարդեան 33րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Վահագն Թովմասեան, անցեալի «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին արժանացած եղբայրներ Զաքար Չորպաճեան եւ Ալպեր Ունճեան, մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ, ծնողներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ մարզիկ-մարզիկուհիներ:
Արարողութեան միացան նաեւ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի անդամուհիները:
Նաւասարդեան փոքր ջահը օրհնեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, որ նաեւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքները փոխանցեց:
«Թող այս ջահի օրհնութեան լոյսը լուսաւորէ մեր իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի, իւրաքանչիւր մարզիկ-մարզիկուհիի հոգին եւ այդ լոյսը իրենց կեանքի առաջնորդը ըլլայ», մաղթեց քահանայ հայրը եւ հրաւիրեց ներկաները միասնաբար «Տէրունական աղօթք»ը արտասանելու, որմէ ետք, խաչքարի առաջ զետեղուած օրհնուած մոմին կրակով բոցավառեց Նաւասարդեան ջահը: Օրհնուած ջահը Շրջ. վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանի կողմէ յանձնուեցաւ շրջանի 17 մասնաճիւղերը ներկայացնող մարզական խումբին, որուն անդամ-անդամուհիները, իրենց հերթին, ձեռամբարձ փոխանցեցին զայն «Պըրմինհամ հայ սքուլ»ի պասքեթպոլի գլխաւոր մարզադաշտ, ուր տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց Նաւասարդեան յանձնախումբի անդամուհիներէն Նայիրի Տէրտէրեան, որ նախքան յայտագրի գործադրումը, հրաւիրեց ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժանուած ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն, մեր նահատակ ազատամարտիկներուն եւ թանկագին մայրերուն:
Այնուհետեւ, հանդիսութիւնը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, զոր կատարեցին ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի արի-արենոյշները՝ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄի փողերախումբին: Անոնք հրամցուած ազգայնաշունչ քայլեղանակներու ընկերակցութեամբ, մարզադաշտ ներկայացուցին Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ, ՀՄԸՄի եւ Նաւասարդեանի դրօշները եւ գրաւեցին իրենց տեղերը: Հնչեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները՝ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով մարզադաշտէն ներս:
Նաւասարդեան յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց քոյր Տէրտէրեան ըսելով. «Յատուկ հպարտանքով կը կատարենք այս հանդիսութիւնը, որովհետեւ ուրախ ենք, որ ան յաջողապէս կը թեւակոխէ իր 35րդ տարին: Իսկ աւելի՛ն, ան կը զուգադիպի Շուշիի ազատագրման տարեդարձին ու մեր շատ սիրելի Մայրերու օրուան շաբաթավերջին: Այս երեք իրողութիւնները համատեղուած՝ պատմական իմաստ կու տան այսօրուան հանդիսութեան, եւ մենք հպարտութեամբ կ՛ապրինք այս պահը»:
Ապա, Նաւասարդեան մարզախաղերը շրջանի հայկական իրականութեան մէջ երիտասարդական մեծագոյն նախաձեռնութիւնը համարելով՝ հպարտանքով ընդգծեց, թէ անոնք ոչ միայն ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին կը պատկանին, այլ նաեւ՝ շրջանի հայութեան, որ ամէն շաբաթավերջ իր քաջալերական ներկայութեամբ պիտի շարունակէ հետեւիլ ՀՄԸՄական մարզիկ-մարզիկուհիներու արձանագրած յաջողութիւններուն:
Ապա բեմ հրաւիրեց Շրջ. վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանը, որ ներկաներն ու օրուան պաշտօնական հիւրերը ողջունելէ ետք ըսաւ. «Չորրորդ տարին է, որ իբրեւ ատենապետ կը կանգնիմ ձեր առաջ եւ չէք կրնար երեւակայել, թէ որքան հիացած եմ: Կը մտածեմ, թէ ի՞նչ պիտի ընէր այս կազմակերպութիւնը, եթէ չունենար իր հազարաւոր կամաւորները, որոնք համեստաբար իրենց ժամանակը կը նուիրեն մեր սերունդներու ապագային համար»:
Ապա, ներկայացուց «Տիպար ՀՄԸՄական-2010» տիտղոսին արժանացած Պերճ Ճամճեանը՝ ընդգծելով անոր միութենական արժանիքները եւ «միշտ պատրաստ սկաուտը»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ընծայուած տիտղոսին համար՝ եղբայր Ճամճեան շեշտեց, թէ իրեն համար պատիւ է ընդունիլ իրեն շնորհուած տիտղոսն ու յատկապէս ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին անդամակցիլը:
Այնուհետեւ, ներկայացնելով տարուան Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Ճորճ Աբրահամ Ժամկոչեանը՝ Ս. Արթինեան ընդգծեց, թէ ան մեծ նկարագրի տէր անհատ մըն է, որ հոգատար մօտեցում կը ցուցաբերէ մեր մշակոյթին, համայնքին, երիտասարդութեան եւ ՀՄԸՄին:
Ճ. Ժամկոչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջ. վարչութեան՝ 35րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը իրեն վստահելուն համար: «Ինծի համար մեծ պատիւ է ստանձնել այս պարտականութիւնը: Շատ ուրախ եմ, որ ես ալ մաս կը կազմեմ ՀՄԸՄի ընտանիքին: ՀՄԸՄը հայ ազգի պատիւն է, որ հայ փոքրիկները իր թեւերուն տակ առնելով՝ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանով կը մեծցնէ զանոնք: Կեցցէ՛ ՀՄԸՄը», ըսաւ Ճ. Ժամկոչեան:
Ներկաները երկարաշունչ ծափողջոյններով ընդունեցին Տիպար ՀՄԸՄականն ու Պատուոյ նախագահի ծանօթացումը:
Ուրախալի այս յայտարարութիւններէն ետք, Նաւասարդեան մարզախաղերու մասնակից հազարաւոր մարզիկ-մարզիկուհիներու անունով «Մարզիկի խոստում»ը կատարեց ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի մարզիկուհիներէն Անի Քէշիշեանը, որ հրապարակաւ խոստացաւ «Նաւասարդեան մարզախաղերու ընթացքին ցուցաբերել ՀՄԸՄականի մաքուր կեցուածք եւ ընկերական անկեղծ ոգի: Համագործակցիլ բոլորին հետ, հնազանդիլ մարզախաղերու օրէնքներուն եւ ՀՄԸՄի կանոնագրին: Միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին»:
Շրջ. վարչութեան պատգամը փոխանցեց Խաչիկ Խալաթեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ Ճորճ Ժամկոչեանին եւ տարուան Տիպար ՀՄԸՄական Պերճ Ճամճեանին, իրենց ստանձնած նոր պարտականութիւններուն առիթով, եւ ըսաւ. «Ինչպէս լսեցիք մարզախաղերու մասնակցող մարզիկ-մարզիկուհիներու խոստումը, կը վստահեցնենք, որ անոնք, կառչելով ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին՝ պիտի մասնակցին մարզախաղերուն: Թող 35ամեակի այս հանգրուանը նոր մեկնակէտ դառնայ ՀՄԸՄի գործունէութեան, որպէսզի յաջորդ ամեակները կերտուին յաւելեալ նորութիւններով ու յառաջընթացքով»:
Հանդիսութեան վերջին բաժինով բեմ հրաւիրուեցան 2009ի ամրան, առաջին անգամ ըլլալով Հայրենիքի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն մասնակցած ՀՄԸՄի մարզական պատուիրակութեան մարզիչ քոյր-եղբայրները, որոնք յատուկ գնահատագիրներով պարգեւատրուեցան իրենց բացառիկ զոհողութեանց համար: Գնահատագիրները յանձնեցին Սթիւ Արթինեանը եւ Շրջ. վարչութեան մօտ Մարզական ներկայացուցիչ Ժանօ Գահվէճեանը:
Այնուհետեւ, սկիզբ առին Նաւասարդեան մարզախաղերը՝ պասքեթպոլի մրցումներով, որոնց առաջին մրցումին գնդակը օդ բարձրացուց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ Ճորճ Ա. Ժամկոչեանը: