ԱՐՏԱԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հոգեւոր մեծ ցնծութեան եւ ուրախութեան օր հանդիսացաւ Մայիս 9, 2010, Կիրակի օրը գաղութիս, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմի համար յատկապէս։
35 տարիներու ժամանակահատուած մը, խտացուած իր պատմութեամբ եւ առաքելութեամբ, դարձաւ յիշատակութեան, մեծարանքի եւ տօնակատարութեան օր, որովհետեւ իր հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ այսօր «Եկեղեցին հայկական» կամ «Centralի եկեղեցին», ինչպէս կ՛անուանեն շատեր, իսկապէս հանդիսացաւ ամրոց եւ միջնաբերդ հաւատքի, հաստատեց իր անունին (Central՝ կեդրոնական) եկեղեցի ըլլալու որակումը։
Մայիս 9, 2010ը, որ կը զուգադիպէր Մայրերու Օրուան տօնին, առաւօտեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագով, սկիզբ առաւ, եկեղեցւոյս 35 ամեակի տօնակատարութեան ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէր դպիրներու ձեռնադրութիւն, ուրարներու տուչութիւն, իսկ կէսօրէ ետք, տեղի ունեցաւ պաշտօնական տօնակատարութիւնը՝ ճաշկերոյթի ձեռնարկով։
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Առաւօտեան ժամը 10։30ին, եկեղեցւոյս Դպրաց դասին առաջնորդութեամբ եւ «Հրաշափառ» երգի կատարողութեամբ, պատարագիչ սրբազան հայրը՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, մուտք գործեց եկեղեցի փառաշուք թափօրով, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին, երեք դպիրներ՝ Սասուն Եղոյեան, Սամսոն Իլէասեան, Յովհաննէս Դանիէլեան, եւ չորս նուիրեալներ՝ Արթուր Մաճարեան, Գօգօ Գազանճեան, Դաւիթ Վարդանեան եւ Արւին Մեսրոպեան, Սաղմոսագիրքը իրենց ձեռքերուն, դասին մէջ, Ս. Խորանին առջեւ կանգնած, կ՛ընթերցէին թիւ 121 սաղմոսը.- «Որքան ուրախացայ, երբ ինծի ըսին Տիրոջ տունը պիտի երթանք, ահա արդէն գաւիթներուն մէջ կանգնած ենք, Երուսաղէմ…», ապա, «Այսօր ուրախացեալ» շարականի երգեցողութեամբ խորան բարձրացան Արթուր Մաճառեան, Գօգօ Գազանճեան, Դաւիթ Վարդանեան եւ Արւին Մեսրոպեան ու ծնրադրեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր առջեւ, որպէսզի ձեռնադրութեամբ ստանան դպրութեան չորս աստիճանները՝ դռնապանութիւն, ջահընկալութիւն, ընթերցողութիւն, երդմնեցչութիւն։ Դպիրներուն ձեռնադրութիւնը կատարելով, Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցական առաջին փոքր չորս աստիճանները շնորհեց նուիրեալներուն հետեւեալ կարգով.- առաջին հերթին խաչաձեւ կտրեց նուիրեալներու գլխու մազերը, աղօթելով որ այս արարողութեամբ, երկրաւոր ցանկութիւնները հեռանան իրենցմէ. ապա յանձնեց Սաղմոսագիրքը, պատուիրելով որ այսուհետեւ գիտակցօրէն հաւատան իրենց երգածներուն, գործով ցոյց տան՝ գործնականացնեն իրենց սորվածները։ Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բանալի յանձնեց ձեռնադրեալներուն՝ թելադրելով որ նուիրեալները միշտ ջանան մտաբերել թէ իրենց գործին համար հաշիւ պիտի տան Աստուծոյ, ու պահանջեց, որ եկեղեցի եկողներուն առջեւ դուռը միշտ աղօթքով պէտք է բանան ու աղօթքով ալ պէտք է փակեն։ Ապա յանձնեց առաքելական գիրքը, յանձնարարելով լաւատեղեակ ըլլալ Աստուծոյ խօսքին ու պատմեն զայն ուղղամտութեամբ եւ հաւատքով։ Սրբազան Հայրը երդմնեցչութեան աստիճանը շնորհելով՝ Մաշտոցը յանձնեց նուիրեալներուն եւ հրահանգեց որ գոց սորվին «հրաժարիմք»ը, որպէսզի հիւանդներու համար աղօթելու եւ մկրտութեան եկողները հրաժարեցնելու իրաւունք ստանան։ Եւ վերջապէս յաջորդաբար վառած աշտանակը եւ գինիի դատարկ բաժակամանը յանձնելով, իշխանութիւն տուաւ ձեռնադրեալներուն եկեղեցւոյ ջահերն ու կանթեղները վառելու, ինչպէս նաեւ պատարագի գինին սրուակին մէջ լեցնելու։
Հոգեպարար այս արարողութեան աւարտին, ձեռնադրեալ չորս նոր դպիրներուն միացան միւս երեք դպիրները, ու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ աղօթքով իւրաքանչիւր դպիրի ձախ ուսին զետեղեց Քրիստոսի քաղցր լուծը խորհրդանշող ուրարը ու «պահպանի»չի աղօթքով ամբողջացաւ ձեռնադրութեան արարողութիւնը։ Այնուհետեւ, եօթը ուրարակիրները մնացին Ս. Խորանին վրայ. Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր հոգեւոր պատգամը, յիշելով եկեղեցւոյ 35 տարիներու բերած բեղուն ծառայութիւնը գաղութիս եւ ուղղելով խօսքը նորոգ ձեռնադրեալ դպիր-ուրարակիրներուն, իր հայրական թելադրանքները կատարեց ըսելով, որ Քրիստոսի սիրով լի՝ յանձնառու պէտք է ըլլան իրենց ծառայութեան, ամբողջական նուիրումով եւ առաքինութեամբ կատարեն Աստուծոյ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն հանդէպ իրենց պարտականութիւնը. մանաւանդ աղօթասիրութիւնը առաջնահերթ տեղ գրաւելու է նուիրեալներու սրտին մէջ, որպէսզի մաքուր հաւատքը առաւել եւս բիւրեղանայ Քրիստոսի սիրով ու կարողանան Աւետարանի փրկութեան լոյսը տարածել իրենց ծառայական կեանքի ընթացքին:
Առաջնորդ Սրբազանը, անդրադառնալով մայրերու տօնին, շնորհաւորեց մայրերը եւ յատկապէս հայ մայրերը, գնահատելով մօր դերը եւ նուիրումը ընտանեկան եւ հաւաքական մեր կեանքի ընթացքին։
Ս. Պատարագի աւարտին, դպրաց դասու թափօրի առաջնորդութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դուրս եկաւ եկեղեցիէն դէպի գաւիթ, ուր «Կիլիկիա» երգով, ամբողջացաւ եկեղեցւոյ արարողակարգը։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Եկեղեցւոյս 35 ամեակի տօնակատարութեան երկրորդ հանգրուանը ճաշկերոյթի բաժինն էր, որ կազմակերպուած էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան կողմէ ու կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը Առաջնորդ Սրբազանին։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Palladio Ճաշասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 6։00ին, հիւրընկալութեամբ ճաշասրահի սեփականատիրոջ՝ Տէր եւ Տիկ. Աւետիս եւ Յասմիկ Քէշիշեաններու։ Սեղանի օրհնութիւնը կատարուեցաւ միասնաբար եկեղեցւոյ երեք հովիւներուն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեանի, Արժ. Տ. Արտակին Քհնյ. Տէմիրճեանի եւ Արժ. Տ. Կոմիտաս ՔՀնյ. Թորոսեանի կողմէ. ապա գործադրուեցաւ յաւուր պատշաճի յայտագիր մը։ Հանդիսավարը՝ Պրն. Լէրի Զարեան, բացման խօսքը արտասանելէ եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց Տիկ. Ռիմա Պօղոսեանը, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հիմնադրման պայմաններուն եւ կատարած աստուածահաճոյ ու ազգօգուտ գործունէութեան։
Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն բերին Գագիկ Պատալեանը եւ իր նուագախումբը, ներկաներուն հրամցնելով հայկական ժողովրդական եւ աշուղական երգերու փունջ մը։ Ապա խօսք առաւ 35ամեակի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Պրն. Կարօ Էշկիեան, որ յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ յատկապէս եկեղեցւոյ բարերարներուն, կնքահայրերուն եւ բոլոր մասնակից անդամներուն, որոնց նուիրատուութեանց եւ նուիրումին արգասիքը կը հանդիսանայ Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Այս առթիւ ցուցադրուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 35ամեայ կեանքին նուիրուած պատմական տեսաերիզ մը, որ կ՛ընդգրկէր եկեղեցւոյս պատմութիւնը եւ գործունէութիւնը համառօտ կերպով, հիմնադրութենէն մինչեւ օրս։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Զարեհ Մարգարեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ բոլոր անոնց, որոնք գիտակցելով եկեղեցական եւ ազգային կեանքի ծառայութեան կարեւորութեան, իրենց թանկագին ժամերը կը տրամադրեն ազգին եւ եկեղեցւոյ։
Ապա, յանուն հոգաբարձութեան, եւ գնահատելով եկեղեցւոյ գրասենեակի հաւատարիմ ու երկար տարիներու նուիրեալ՝ Տիկ. Անուշ Կարապետեանի ու քարտուղարուհի՝ Տիկ. Հուրի Պապահէքեանին ծառայութիւնը, հոգաբարձութեան ատենապետը զանոնք պատուեց յատուկ գնահատագրով։ Պրն. ատենապետը նոյնպէս, յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ երեք քահանայ հայրերուն, անոնց նուիրելով մէկական նորատիպ «Մաշտոց», պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեան համար, նշելով, որ հոգեւոր պարտականութիւններու կողքին, հոգեւոր հայրերը կը ստանձնեն նաեւ վարչական եւ այլ աշխատանքներ, որպէսզի Ս. Աստուածածին եկեղեցին մնայ միշտ պայծառ եւ կանգուն։
Խօսք առաւ նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Տիար Արա Նաճարեան, որ հպարտութեամբ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կարեւոր եւ մեծ դերին, ի նպաստ գաղութիս համայն հայութեան, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 35ամեակը եւ մաղթեց առաւել ուժ, կորռվ եւ յառաջդիմութիւն։
Մոմավառութեան հանդիսութենէն առաջ, Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Մայրերու Տօնին առիթով, նախ շնորհաւորեց բոլոր հայ մայրերը, որոնք ոչ մէկ ջանք կը խնայեն իրենց զաւակներու բարոյական եւ հայեցի դաստիարակութեան համար։ Ապա տեղի ունեցաւ երեք ծաղկեփունջերու նուիրում, առաջինը՝ եկեղեցւոյս գլխաւոր բարերարուհի Տիկ. Հիլտա Տէր Մինասեանի, երկրորդը՝ Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի բարերարուհի Տիկ. Սաւի Թիւֆէնեքանի, եւ երրորդը՝ Palladio ճաշասրահի սեփականատիրոջ տիկինին՝ Տիկ. Յասմիկ Քէշիշեանի, հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց տածած սիրոյն եւ նուիրումին համար։
Մոմավառութեան հանդիսութեան պահը հասած էր. Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. մոմավառներու անունները կարդալով, հրաւիրեց 35ամեակի համար պատրաստուած յատուկ սեղանին շուրջ, վառելու համար մոմերը։ Ապա, եկեղեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան խնդրանքով, խորհրդանշական 36րդ մոմը վառեց եկեղեցւոյս գլխաւոր բարերարուհի՝ Տիկ. Հիլտա Տէր Մինասեանը։
Յայտագրի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, սրտի խօսք արտասանելու։ Ան շնորհաւորեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բարերարները, կնքահայրերը, նուիրատուները, ազգային երեսփոխանները, հոգաբարձութիւնը, 35ամեակի յանձնախումբը եւ բոլոր անոնք, որոնք սատար կը հանդիսանան եկեղեցւոյ պայծառացման աշխատանքներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը Օրհնութեան Գիրեր շնորհեց եկեղեցւոյս նուիրեալ ծառայռղ, ազնուասիրտ եւ անձնուրաց սպասաւորներէն՝ Տիարք Զարեհ Մարգարեանի, Իսահակ Գազանճեանի, Հրայր Պալեանի, Տոքթ. Խաչիկ Ռշտունիի, Վաղինակ Պապայեանի, Ռուբէն Գիւրջեանի եւ Տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեանի, որոնք իրենց անսակարկ նուիրումով եւ միշտ հաւատարիմ մնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Արեւմտեան Թեմիս Ազգային Առաջնորդարանին եւ յատկապէս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, իրենց ծառայական կեանքով կ՛օժանդակեն եկեղեցւոյս պայծառացման։ Առաջնորդ Սրբազանին յաջողութեան բարեմաղթութիւններով, շնորհաւորանքներով եւ կարկանդակի հատումով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։