Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու Ազգային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Կարօ Յակոբեան Չորեքշաբթի, Մայիս 5ի կէսօրին այցելեցին Հայաստանի հիւպատոսարան եւ հանդիպում ունեցան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի ու անձնակազմի անդամներուն հետ։ Հիւրերը առաջին այցելութիւնը կու տային հիւպատոսարանի նոր գրասենեակ, դիւանագիտական ներկայացուցչութեան Կլենտէյլ փոխադրութենէն ետք։ Անոնք շնորհաւորեցին գլխաւոր հիւպատոսն ու անձնակազմը նոր աշխատավայրին համար։
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայկական կեանքին մէջ արձանագրուած նորագոյն զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ մայր հայրենիքին հետ արտերկրի հայութեան ու յատկապէս Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեր ժողովուրդին կապերուն մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.