ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ զանազան նախարարութիւններէ պատգամաւորներ Ուրբաթ, Մայիս 14ին այցելեցին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան՝ հանդիպում ունենալով համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարներուն, քննելով շարք մը հարցեր ու դժուարութիւններ։
Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Եւրոմիութեան յանձնախումբի քարտուղարութենէն, արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարութիւններէն, կրթական նախարարութենէն, Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն, Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն եւ Թափու եւ անշարժ գոյքի գլխաւոր տնօրէնութենէն ներկայացուցիչներ:
Հանդիպման բացման խօսքը արտասանեց Արամ սրբազան, որ նշեց, թէ առաջին անգամ ըլլալով է, որ պետութեան կողմէ այսքան մօտիկ եւ շօշափելի հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի փոքրամասնութեանց նկատմամբ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Էրտողանին, որ իշխանութեան գլուխ գալէ ետք շինիչ կեցուածք ցուցաբերեց փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ։ Ան նաեւ կարդաց տեղեկագիր մը, ուր շարադրուած էին այն անլոյծ հարցերը, որոնք խորապէս կը մտահոգեն համայնքը եւ որոնց լուծումը կը խնդրուի կառավարութենէն։
Արամ սրբազան հարցումներ ուղղեց պատուիրակութեան անդամներուն՝ յիշեցնելով, որ 1914ին 2170 եկեղեցիներ ու 2000 վարժարաններ կը գործէին բովանդակ երկրի տարածքին, իսկ հիմա անոնց գերակշիռ մասը անհետացած է։ Այն եկեղեցիները, որոնք մշակութային պալատի կամ մզկիթի վերածուեցան, կերպով մը ազատեցան անհետանալէ, իսկ միւսները այնքան բախտաւոր չկրցան ըլլալ ու անոնք հողին հաւասարեցան։ Ան յիշեցուց կարեւոր կէտ մը եւս. հակառակ անոր, որ ամէնուրեք կը նշուի, թէ հայ հայրենակիցներն ալ համահաւասար իրաւունքներ ունին, այնուհանդերձ հայ մը չի կրնար ոստիկան կամ զինուորական ըլլալ։ «Բոլոր այս հարցերով հանդերձ, ուրախ ենք, որ փոքրամասնական իրաւունքներ կրնանք պահանջել իշխանութիւններէն: Արդարեւ, դիմումնագիր մը պատրաստած ենք, որպէսզի մշակոյթի նախարարութիւնը Սվազի հայոց եկեղեցին վերադարձնէ Հայոց պատրիարքութեան», ըսաւ Արամ սրբազան։
Թուրք պաշտօնեաները, որոնք լաւատեղեակ էին համայնքը յուզող հարցերուն, պատրաստակամ կեցուածքով հետեւեցան Արամ սրբազանին։ Ապա խօսք առաւ Եւրոմիութեան յանձնախումբի քարտուղար Վոլքան Պոզքըր, որ նշեց թէ ներկայացուած պահանջները ամբողջովին ճիշդ են, քանի որ հայ փոքրամասնութիւնն ալ այս երկրի հաւասար հայրենակիցն է։ «Այսօր հոս ենք առկայ բոլոր նեղութիւններու մասին գաղափարներ բաժնելու եւ միասնաբար հարցեր լուծելու համար», ըսաւ ան։
Այս ելոյթներէն ետք բանավէճի նիւթ դարձան հետեւեալ պահանջներն ու հարցերը.
– Լոզանի պայմանագրով փոքրամասնական վարժարանները կը գտնուին կրթական նախարարութեան ենթակայութեան ներքեւ, սակայն անոնք ո՛չ պետական վարժարանի կարգավիճակ ունին եւ ո՛չ ալ մասնաւոր վարժարանի։ Առաջարկուեցաւ վաւերացնել հայկական վարժարանները ղեկավարելու մասին յատուկ կանոնադրութիւն։
– Թրքերէնի եւ թրքերէնով մշակոյթի դասի ուսուցիչները 1955էն ի վեր կը նշանակուին կրթական նախարարութեան առաջարկով: Այս դրութիւնը երբեմն բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ աշակերտներուն վրայ, յատկապէս համալսարանական մուտքի քննութիւններու ընթացքին: Այս պատճառով, հայ աշակերտները երբեմն հայկական դպրոցներ յաճախելու փոխարէն, կը նախընտրեն օտար վարժարաններու մէջ ուսանիլ։
– Թուրք փոխտնօրէն կը նշանակուի թրքերէնի կամ թրքերէն մշակոյթի ուսուցիչներէն մէկը։ Այս դրութիւնը կասկածի առիթ կը ստեղծէ փոքրամասնութիւններուն մօտ։
– Պատմութեան դասագիրքերուն մէջ հայերու դէմ թշնամութիւն, խտրականութիւն եւ քէն ներշնչող բաժիններ կան եւ այս դասանիւթերը ժխտական ազդեցութիւն ունին համայնքին վրայ։
– Համայնքային աւելի քան 2200 վագըֆներէն այսօր 36 վագըֆներ կը մնան։ 2164 վագըֆներու ցանկերը եւ սեփականատիրութիւնները ո՞ւր են եւ ի՞նչ են։ Օրինակ՝ Կեսարիոյ մէջ գտնուող մարզադահլիճը։
– Ինչպիսի՞ լուծում պիտի ստանան տակաւին բազմաթիւ առկայ եւ կնճռոտ խնդիրներ, որոնք լուծման կը սպասեն թափուի գրասենեակներու մէջ։
Ապա, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու խօսք առնելով՝ յիշեցուց, որ համայնքին մէջ կը գործեն 17 վարժարաններ եւ ասոնց մէջ ալ կը պաշտօնավարեն մօտաւորապէս 350 ուսուցիչներ։ Նկատի ունենալով վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ ան փափաք յայտնեց, որ ուսուցիչներու աշխատավարձքը ստանձնէ պետութիւնը։
Փաստաբան Սեդրակ Տավուտհան, որ քաջատեղեակ է համայնքային հարցերուն, ըսաւ հետեւեալը. «1960ականներուն մեր ազգային վարժարանները պետութեան կողմէ օգնութիւն կը ստանային, հիմա, սակայն, նման օգնութիւն չկայ։ Միւս կարեւոր հարցն է կրօնքի դասի ուսուցիչներու պակասը, հակառակ անոր, որ չորս տարիէ ի վեր պարբերաբար դիմում կը կատարենք: Կարեւոր միւս հարցերէն մէկն ալ մեր գերեզմանատուներու հարցն է։ Հայոց գերեզմանատուները կը գտնուին քաղաքապետութիւններու ենթակայութեան հետ եւ ճիշդ կ՛ըլլար, որ գերեզմանատուներու թափուն յանձնուի համայնքին»։
Այս վերջին հարցին առնչութեամբ, պետական պաշտօնեաները նշեցին, որ երկրին բոլոր գերեզմանատուները կը գտնուին քաղաքապետութիւններու ենթակայութեան տակ, որպէսզի լիակատար խնամք տարուի անոնց:
Ս. Խաչ վարժարանի տնօրէն Հայկ Նշան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ 1983էն ի վեր խնամակալութեան ընտրութեան համար արտօնութիւն չի տրուիր:
Պոզքըր դարձեա՛լ խօսք առաւ ու նշեց, թէ բոլոր քարերը ժամանակի ընթացքին իրենց տեղը պիտի նստին ու առկայ հարցերն ալ այս կամ այն կերպով պիտի լուծուին։
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին համայնքի ներկայացուցիչները եւ պաշտօնական հիւրերը առիթն ունեցան մտերմիկ խօսակցութիւններ ունենալու:
Թէ այս հաւաքոյթը որքա՞ն շուտ կամ ի՞նչ չափով նոր լուծումներ պիտի բերէ հայ համայնքին՝ անշուշտ կարելի չէ այսօր ենթադրութիւն մը ընել, սակայն ցուցաբերուած բարեացակամութիւնը արդէն գրաւական է այն մասին, թէ վերին իշխանութիւնները կը փափաքին, որ միանգամընդմիշտ լուծուին փոքրամասնութեան հարցերը, որոնք գլխացաւ են երկու կողմերուն համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.