ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իզմիրի «Աթլաս» թերթին հետ կատարուած զրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ ըսաւ, որ Պատմական յուշարձանները պահպանելու խորհուրդը որոշեց խաչ զետեղել Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիին վրայ։ Ինչպէս յայտնի է, 2007 թուականին Աղթամար եկեղեցին վերանորոգուած էր, բայց խորհուրդը մերժած էր եկեղեցիին վրայ զետեղել խաչը եւ դնել զանգակ։ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի դիմումին ընդառաջելով՝ խորհուրդը այս անգամ որոշեց, որ Սեպտեմբեր 12ի նախատեսուած ուխտագնացութեան ընթացքին տեղադրուի Մեսրոպ պատրիարքին կողմէ նուիրուած խաչը։
Միւս կողմէ, Վանի կուսակալութիւնը որոշեց մէկ շաբաթով յետաձգել Աղթամարի արարողութեան թուականը՝ Սեպտեմբեր 12ն, որովհետեւ այդ թուականին պիտի կայանայ Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէն։ Կուսակալը որոշումէն առաջ խորհրդակցած է նաեւ պատրիարքարանին հետ եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազան հաւանութիւն յայտնած է թուականի փոփոխութեան համար:
Արարողութիւնը Սեպտեմբեր 19ին կատարելու որոշումը դժուարութիւններ պիտի ստեղծէ, որովհետեւ շատեր իրենց կեցութեան վայրերը արդէն իսկ ապահոված են եւ դպրոցներն ալ բացուած պիտի ըլլան:
10րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ 2007ին վերաբացուեցաւ իբրեւ թանգարան։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պետական նախարար Մեհմետ Այտըն անցնող շաբաթավերջին Աղթամար եկեղեցիին շուրջ քննութիւններ ըրաւ։ Նախարարը յայտարարեց, որ այս եկեղեցին հիմա հայ հայրենակիցներուն համար աւելի հմայիչ դարձաւ, որովհետեւ արարողութիւն պիտի կատարուի հոն։ Արտասահմանէն մօտաւորապէս 5000 հայեր պիտի գան, ըսաւ ան։
«Անատոլուի մէջ ինչ որ կայ, միաժամանակ մեզի կը պատկանի։ Ուստի, ինչ մշակոյթէ կամ հաւաքականութենէ ալ եկած ըլլայ, այս հողերուն վրայ գտնուող ամէն արժէք մեր ալ արժէքը կը նկատուի։ Այս երկրին մէջ հայ, հրեայ, յոյն հայրենակիցներ ունինք։ Երկրին մէջ կրօնքի ազատութիւն կայ, ամէն մարդ իր պաշտամունքը ունի։ Հաւատքի համար ալ աղօթատեղիներու կարիքը կայ։ Մարդիկ պարտաւոր են պահպանել այդ աղօթատեղիները։ Թուրքիոյ մէջ, փառք Աստուծոյ, բացի քանի մը խնդիրներէ, ինչպէս (յոյներու) Հէյպելիի դպրեվանքի բացումը, մեր ոչ իսլամ հայրենակիցները կարեւոր հարցեր չունին, կամ եթէ ունին՝ մէկ երկու հատ են անոնք։ Բոլոր հաւատքներուն նկատմամբ յարգանք ցուցաբերել ստիպուած ենք», ըսաւ նախարարը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.