
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր ընթացիկ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Մայիս 14-15ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Ժողովին մասնակցեցան հոգեւորականաց դասը, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Խաժակ Տիքիճեան, Կրօնական ժողովի եւ Ազգ. վարչութեան անդամներ, Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամներ, տնօրէններ եւ ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ։
Քննուեցան շրջանաւարտ գործադիր մարմիններուն աշխատանքի արդիւնքն ու մշակուեցան յառաջիկայ տարուան աշխատանքի ծրագիրները։ Երկու օրուան վրայ երկարող նստաշրջանի աւարտին տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան նոր կազմերուն ընտրութիւնը։
Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ հոգեւոր հայրերը. Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Նարեկ քհնյ. Փեհլիւանեան, Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան:
Ազգային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ ազգայինները. իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, Կարօ Էշկիյեան, Խաչիկ Երէցեան, Վահրիճ Փիլաւճեան, Ռիմա Պօղոսեան, Կարէն Պենիասեան, Վահան Պզտիկեան, Ճորճ Չօրպաճեան, Թորոս Քէչէճեան, Պիլ Սաաթճեան եւ Սագօ Շիրիքեան: