ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Խորխէ Թայանայի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, անդրադառնալով Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ Սուադ Քընըքլըօղլուի յայտարարութեան, թէ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու կոչուած նոր փաստաթուղթ մը պատրաստուած է՝ յայտարարեց. «Ստերը չեն պահանջում որեւէ մեկնաբանութիւն: Դա բացարձակ սուտ է»:
Նախարար Նալբանդեան նոյնպէս սուտ բնութագրեց ազատագրուած երկու շրջաններու՝ Ֆիզուլիի եւ Քելբաջարի, յանձնման մասին լուրը եւ մերժեց յաւելեալ մեկնաբանութիւն տալ այդ մասին:
Նախարար Նալբանդեան անդրադարձած է նաեւ նախորդ օրը, Եւրոպայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին, ուր կոչ ուղղուած է «հայկական ուժերը ատրպեճանական գրաւուած տարածքներէն դուրս բերելու»: Ըստ Նալբանդեանի, զեկոյցին մէջ պարունակուող Ղարաբաղի հիմնախնդիրի վերաբերեալ դրոյթները համահունչ չեն ո՛չ Մատրիտեան սկզբունքներուն, ո՛չ Ակուիլայի յայտարարութեան եւ ոչ ալ Մոսկուայի Հռչակագիրին, որոնց մասին կը յիշատակուին նոյն զեկոյցին մէջ:
«Ակնյայտ խառնաշփոթ է ձեւակերպումների եւ կարծեմ պատճառներից մէկն այն է, որ զեկոյց գրողը երբեւէ չի եղել Ղարաբաղում, տարածաշրջանում, այս զեկոյցը գրելիս, եւ չի խորհրդակցել անգամ Եւրոմիութեան անդամ եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ հանդիսացող Ֆրանսիայի ներկայացուցչի հետ, եւ դրա պատճառով է, որ այս որոշ դրոյթները հակասում են նաեւ Եւրոմիութեան դիրքորոշմանը», յայտարարած է Նալբանդեան:
2009 Դեկտեմբերին, Աթէնքի մէջ հրապարակուած ծաւալուն յայտարարութեամբ մը արտայայտուած էր Եւրոմիութեան դիրքորոշումը, որ ըստ Նալբանդեանի, լիովին համահունչ է Հայաստանի տեսակէտներուն:
Նալբանդեան անպատասխան թողած է այն հարցերը, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի կողմէ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին հակազդելու կոչուած միջոցներուն:
Նշենք, որ թրքական «Հիւրրիէթ» օրաթերթը, մեկնաբանելով Էդուարդ Նալբանդեանի վերոնշեալ յայտարարութիւնը՝ գրած է. «Հայաստան կը պայթեցնէ կամուրջները»:
Թրքական թերթը կ՛աւելցնէ, որ «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ուղղակի հերքեց այն տեղեկութիւնը, թէ հայաստանեան վարչակազմին կողմէ արձանագրութիւնները առկախելու մասին կայացուած որոշումէն ետք, Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ կազմուած է նոր ճանապարհային քարտէս, սակայն Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը, Քընըքլըօղլուի այդ խօսքերը անուանելով «ասեկօս»՝ չուզեց որեւէ մեկնաբանութիւն կատարել այս առնչութեամբ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.