ՊԱՔՈՒ, «Եուրէյժա.նեթ».- Ամերիկեան եւ ատրպեճանական դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, իր հակահայ դիրքորոշումներով ծանօթ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա Սպիտակ տան կողմէ նշանակուած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան: Անոր նշանակումը պէտք է վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ:
Յիշեցնենք, որ լրատուամիջոցները անցեալ տարուընէ ի վեր շարունակ կը հաղորդէին, թէ Պրայզա պիտի նշանակուի Ատրպէյճանի մօտ դեսպան, սակայն այդ լուրը կը հերքուէր:
Պրայզա նշած է, թէ հարաւային Կովկասը հարազատ է իրեն եւ գոհ պիտի ըլլայ այնտեղ աշխատելով:
Յայտնենք, թէ Ատրպէյճանի իշխանութեանց եւ յատկապէս նախագահ Իլհամ Ալիեւի ու արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ մօտիկ կապեր ունեցող Պրայզայի կինը թուրք քաղաքական մեկնաբան Զէյնօ Պարանն է:
Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը թափուր կը մնայ գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.