ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 21ին ընդունած է Արժանթինի ազգային խորհրդարանի պատգամաւորներու տան անդամ Ամեխիօ Արպօն եւ արժանթինցի հասարակական-քաղաքական գործիչ Սերխիօ Նահապետեանը, որոնք ժամանած են Արցախ, խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն արժանթինցի դիտորդներուն մասնակցութիւնը՝ նշելով, որ Արժանթինը մշտապէս դրսեւորած է անկողմնակալ մօտեցում ե՛ւ Արցախի ե՛ւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.