ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Ըստ «Interfax» գործակալութեան, Մայիս 24ին ՄԱԿի ներկայացուցիչ, բռնի տեղահանուածներու եւ փախստականներու հարցերով գլխաւոր քարտուղարի օգնական Վալթեր Կալին, Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ՝ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքները ազատելու ուղղութեամբ։ Ես կոչ կ՛ընեմ միջազգային հանրութեան ԵԱՀԿի Մինսկի խումբին կողմէ ստիպելու Հայաստանը կատարել ներկայացուած պահանջները՝ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքները ազատագրելու վերաբերեալ»։
Նշենք, որ Վ. Կալին վերջերս մեկնած էր Ատրպէյճան՝ փախստականներու եւ բռնի տեղահանուածներու վիճակը ուսումնասիրելու համար:
«Ես կ՛ողջունեմ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն քայլերը՝ փախստականներու բնակարանային պայմանները բարելաւելու ուղղութեամբ, այդուամենայնիւ, այս մարդոց վիճակը լիովին կը բարելաւուի միայն այն ժամանակ, երբ անոնք վերադառնան սեփական բնակավայրեր կամ հնարաւորութիւն ստանան բնակութիւն հաստատելու իրենց ուզած վայրերուն մէջ», ըսած է ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով. «Յոյսով եմ, որ այդ ժամանակը շատ հեռու չէ»:
Ամփոփելով փախստականներու ճամպարներ կատարած այցերը եւ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն հետ ունեցած հանդիպումները՝ ՄԱԿի ներկայացուցիչը նաեւ նշած է, թէ «Անհրաժեշտ է բռնի տեղահանուածները եւս մասնակից դարձնել հաշտեցման շուրջ բանակցութիւններուն. անիկա կ՛արագացնէ գործընթացը եւ առաւել կայուն կը դարձնէ խաղաղ համաձայնագրի իրագործումը»:
Նշենք, որ ՄԱԿի ներկայացուցիչի այս յայտարարութիւնները լիակատար աջակցութիւն գտած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք կը շարունակեն յայտարարել Ղարաբաղեան պատերազմին հետեւանքով փախստական դարձած աւելի քան կէս միլիոն ատրպէյճանցիներու մասին:
«Հակառակ անոր, որ անոնց վիճակը բարելաւելու համար վերջին տասնամեակին իշխանութիւնները ծախսած են շուրջ 3 միլիառ տոլար, այդուամենայնիւ, շուրջ 400 հազարը կը շարունակէ ապրիլ խիստ վատ պայմաններու մէջ», յայտարարած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի ներկայացուցիչ Ալի Հասանով, եւ աւելցուցած, թէ «Այժմ յատուկ ծրագիր կը մշակուի այդ մարդիկը իրենց սեփական բնակավայրերը վերադարձնելու ուղղութեամբ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.