Շաբաթ եւ Կիրակի, Մայիս 22-23ին, Նեւատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքի հայ համայնքը ապրեցաւ յուզումնախառն ու պատմական օրեր՝ վկայ դառնալով սեփական կալուածի վրայ մշակութային կեդրոնի բացման արարողութեան եւ մօտիկ ապագային կառուցուելիք Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծրագրային աշխատանքին, նաեւ վայելելով «Համազգային»ի «Անի» պարախումբին ելոյթը։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԱՆԻ»ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ
Շաբաթ երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ծխական յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան, Լաս Վեկասի պետական համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարային ելոյթ՝ կատարողութեամբ «Անի» պարախումբին։ Հիւրաբար նաեւ ելոյթ ունեցաւ Լաս Վեկասի յոյն համայնքի պատանեաց պարախումբը՝ ներկայացնելով յունական ժողովրդային պարեր։ Ելոյթը կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելոսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Ազգ. վարչութեան նախկին ատենապետ Կարօ Յակոբեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ պատ. Ներսէս Քոփալեան եւ պատ. Սէմ Ակիւլեան, յոյն եւ մարոնիթ համայնքներու հոգեւոր հայրեր եւ պատուոյ հիւրեր։ Սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած էին շուրջ 550 մշակութասէր հանդիսատեսներ։ Ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեան։
Խումբի անդամ-անդամուհիները, մերթ հեզաճկուն եւ մերթ առնական խրոխտ պարերով, գերեցին ներկաներուն սիրտերը՝ հայկական հպարտութիւն ու հոգեւոր ցնծութիւն առթելով ներկաներու հոգիներուն մէջ։
Առաջնորդը իր գնահատանքի խօսքին մէջ մշտանորոգ կենսունակութիւն մաղթեց գաղութին ու պարխումբին։ ««Անի» պարախումբը իր կազմութեան առաջին օրէն սկսեալ, եղած է «Համազգային»ի մշակութային առաքելութիւնը տարածող յառաջապահ մը։ Իրենց առաքելութեամբ իսկ, «Անի»ի ղեկավարները յանձն առած են ազնիւ մարտահրաւէր մը՝ պահպանել հայկական պարային արուեստն ու զայն զարգացնելով, իբրեւ աւանդ փոխանցել նորահաս սերունդներուն։ Անոր ելոյթները հանդիսատեսը կը փոխադրեն հայկական ժողովրդական ու տոհմիկ արուեստի, ինչո՞ւ չէ նաեւ ոչ հայկական պարերու ոլորտները, զանոնք կը համակեն մշակոյթի այս կալուածին առթած հրայրքով։ Եւ ահա, պարախումբին 35ամեակին առիթով կազմակերպուած շրջապտոյտին ծիրին մէջ, անոր հայութեամբ ու արուեստով համակող ներկայութիւնը կու գայ ջերմացնելու նաեւ Լաս Վեկասի մեր ժողովուրդը։ Թող օրհնեալ ըլլայ վաստակը «Անի» պարախումբի հիմնադիր-ղեկավարներուն՝ Եղիա Հաշօլեանի ու Սիւզի Դարբինեանի, նախկին ու այժմու վարչականներուն ու անոնց կողքին ծառայող նուիրեալներուն։ Թող բարձրեալն Աստուած իր շնորհաբաշխ Ս. Աջը հովանի պահէ Լաս Վեկասի մեր ժողովուրդին ու այս ելոյթի կազմակերպիչներուն վրայ, որոնք ամուր կը պահեն մեր արմատներուն հետ բոլոր կամուրջները», եզրափակեց ան։
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ
ԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի առաւօտեան խանդավառութիւն կը տիրէր Տեզըրթ Ին պողոտային վրայ։ Եկեղեցւոյ մուտքին, ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտները ժպիտով կը դիմաւորէին գաղութի անդամները։ Առաջնորդին ձեռամբ, եւ ներկայութեամբ Գրիգոր Յովհաննիսեանի, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի, Կարօ Յակոբեանի, Ատրուշան Արմէնեանի եւ ծխական յանձնախումբի միւս անդամներուն, ինչպէս նաեւ գաղութի քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու, թեմի Երիտասարդաց միութեան ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու, կատարուեցաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Հայ մշակութային կեդրոնին ու յատկապէս սրահին բացման արարողութիւնը։
Այս առթիւ իր արտասանած օրհնութեան խօսքին մէջ, առաջնորդը ըսաւ. «Սրտի անհուն գոհունակութեամբ կ՛ողջունենք Լաս Վեկասի Հայց. առաքելական մեր եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբն ու համայնքի զաւակները, եւ կը խնդակցինք բոլորիդ՝ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Հայ մշակութային կեդրոնին, յատկապէս սրահին բացման առիթով։ Մայիս 23ը պատմական օր մըն է Լաս Վեկասի մեր համայնքին համար։ Այսօր, պաշտօնապէս բացումը կը կատարենք սրահի մը, որ առժամաբար պիտի ըլլայ աղօթավայր, մինչեւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն աւարտը»։
Սրահին բացման առիթով, գնահատագիր մը փոխանցեց ծերակուտական Հերի Ռիտի ներկայացուցիչը։
Բացման արարողութենէն ետք, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց առաջնորդը։ Ս. խորանին կը սպասարկէին Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւ Լոս Անճելըսէն ժամանած երիտասարդ սարկաւագները։ Երգեցողութիւնը կատարեցին համայնքի դպրաց դասը եւ առաջնորդարանի «Լուսաւորի»չ երիտասարդաց երգչախումբի անդամները, ղեկավարութեամբ՝ Զօհրապ սրկ. Եարալեանի։ Աղօթակից էին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ պատ. Ներսէս Քոփալեան եւ պատ. Սէմ Ակիւլեան։ Ներկայ էին Հայաստանի հիւպատոսը, եկեղեցւոյ եւ կալուածի բարերար Լերի Պարնզ, Ազգ. վարչութեան նախկին ատենապետը, Ծխական յանձնախումբի անդամները, գաղութի քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Քարոզէն առաջ, առաջնորդը օծեց առժամեայ խորանին վրայ դրուած վէմքարը։ Պատգամին սկիզբը, առաջնորդը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ գաղութը արժանի համարեց ունենալու պաշտամունքի իր սեփական տունը՝ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անոր կողքին՝ մշակութային կեդրոն։ Ապա, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ու բարձր գնահատեց գլխաւոր բարերար Լերի Պարնզը՝ իր այս նուիրաբերումին համար, գնահատեց Լաս Վեկասի եկեղեցւոյ Ծխական յանձնախումբը, անոր ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանն ու անոր գործակիցները, որոնք անդուլ աշխատանքով իրականացուցին այս պատմական քայլը, նաեւ բոլոր այն ազգայինները, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս զօրավիգ կանգնեցան այս ծրագրի իրականացման։ «Այս իրագործումը ցուցանիշ մը կը հանդիսանայ Լաս Վեկասի հայկական գաղութին ու ընդհանրապէս մեր թեմի կենսունակութեան, ծառայական դաշտի ընդարձակման» աւելցուց ան։
Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այդ օր Ս. Հոգւոյ գալստեան՝ Պենտեկոստէի տօնն էր։ Առաջնորդը նախ տօնին պատմականը կատարեց, ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն լեցուելու եւ առաջնորդուելու Աստուծոյ հոգիով. «Ս. Հոգին ըլլայ սրբիչը, մաքրիչը եւ ուղղիչը այս գաղութի ծառայութեան եւ առաքելութեան։ Եւ ինչպէս որ քիչ առաջ վէմքարի օծումը կատարեցինք, աղօթենք, որ Աստուած մեզ օր մըն ալ արժանացնէ օծումը կատարելու մեր նորակառոյց Ս. Կարապետ եկեղեցիին», եզրակացուց առաջնորդը։
Յաւարտ Ս. պատարագին, առաջնորդը եւ եկեղեցւոյ բարերարը կատարեցին մուտքի յուշատախտակի բացումը։ Առաջնորդը դրուատիքով խօսեցաւ լասվեկասաբնակ Լերի Պարնզի մասին, որ ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, 400,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ մը գաղութին երազը իրականութեան վերածեց եւ նպաստեց այս կալուածի ձեռքբերման։
Աւարտին, բոլոր ներկաները միասին երգեցին Հայաստանի քայլերգը, «Կիլիկիա» ու «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգները։
ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ ԵՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Աւելի ուշ, Ծխական յանձնախումբին եւ Եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան կազմակերպութեամբ, եկեղեցւոյ մօտակայ Լաս Վեկասի «National Golf Club»ին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ։ Ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին յաջորդաբար Ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեան, Ազգ. վարչութեան նախկին ատենապետ Կարօ Յակոբեան եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան։ Ապա կտրուեցաւ կարկանդակը, որմէ ետք «Լուսաւորի»չ երիտասարդական երգչախումբի անդամները քանի մը երգերով ծաղկեցուցին մթնոլորտը։
Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ անգամ մը եւս շնորհաւորեց Լաս Վեկասի ծխական համայնքը, դրուատեց եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ ընդգծելով, որ ան խօսքէ աւելի գործի՛ մարդ է, նաեւ անդրադարձաւ անոր հանգուցեալ կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, ու Տէր Կարապետեան ընտանիքի ծառայական կեանքին։ Սեդան զաւակն էր Ցեղասպանութենէն փրկուած ծնողներու, որոնք բռնի հեռացուած էին Վանէն, եւ պատմական ոճիրին զոհ տուած էր երկու եղբայրներ։ Ան հասակ առած էր հայաշունչ ընտանիքի մը յարկին տակ՝ կամուրջ մը դառնալով հայկական աւանդներուն ու մեր եկեղեցւոյ հաւատքին փոխանցման, ապա նաեւ իր իմացական կեանքին ընթացքին, մեծ ծառայութիւն մատուցած էր մեր եկեղեցւոյ ու հայ համայնքին, իսկ վերջին տասնամեակներուն՝ յատկապէս Լաս Վեկասի մեր համայնքին։ Ի յարգանս եւ ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ ու Տէր Կարապետեան ընտանիքի հանգուցեալներուն, բարերարին փափաքով, ու խորհրդակցաբար Ազգային վարչութեան ու Ծխական յանձնախումբին հետ, որոշուեցաւ համալիրը կոչել Ս. Կարապետ Հայց. առաքելական եկեղեցի ու մշակութային կեդրոն։
Առաջնորդը ուրախութեամբ յայտնեց, թէ ընդառաջելով իր ու Ազգային վարչութեան խնդրանքին՝ Արամ Ա. կաթողիկոսը, առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ բարերարին իշխանական նուիրատուութեան, անոր կը շնորհէ «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանը։ Առաջնորդը բեմ հրաւիրեց Լերի Պարնզը եւ շքանշանով զարդարեց անոր լամբակը։ Մեծարեալը, իր կարգին խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, իրեն շնորհած այս մեծ պատիւին ու կոչումին համար, նաեւ՝ առաջնորդ սրբազան հօր եւ գաղութի անդամներուն, իրեն հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքին ու սիրոյն համար։
Սիրոյ ճաշը խանդավառութիւն ստեղծեց նաեւ այլ երեսով. աւելի քան հարիւր հազարի նուիրատուութիւն հաւաքուեցաւ՝ ի նպաստ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինարարական ֆոնտին։
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 2054 E. Desert Inn, Las Vegas, NV 89169։ Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ եկեղեցւոյ յառաջիկայ ձեռնարկներուն համար, կարելի է կապ հաստատել ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի հետ, հեռաձայնելով (702) 580-0807 թիւին, կամ գրելով St.GarabedChurch@cox.net հասցէին: