ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Դարձեալ փաստելով, թէ նոյնիսկ աւելի քան հարիւր տարի առաջուան դէպքերը դիւրին չէ պատմութեան մոխիրներուն մէջ թաղել, թուրք յօդուածագիր մը այլապէս աննշան նկատուող փաստաթուղթ մը վերածած է Թուրքիան դատապարտող ամբաստանագրի մը:
Գրելով թրքական «Վաթան» թերթին մէջ՝ Օքայ Կէօնենսի կը նշէ, թէ Հայկական Հարցին մէջ շատեր կը պահանջեն, որ արխիւները բացուին՝ սպասելով հրաշագործ փաստաթուղթի մը, որ բոլոր հարցումներուն պատասխանը պիտի տայ: «Մինչդեռ այդպիսի փաստաթուղթ մը չկայ, ատոր փոխարէն, կան հազարաւոր մանր-մունր փաստաթուղթեր, որոնց մասին պատմաբանները արդէն կը խօսին եւ որոնց նայելով՝ մենք ալ կրնանք որոշ գաղափար մը կազմել, եթէ անշուշտ գիտենք ուշադրութեամբ կարդալ», կը գրէ ան։
Կէօնենսին կը խօսի Սվազի մէջ հրատարակուած «Հայաթ Աղաճը» պարբերաթերթին մէջ Թալիպ Մերթի ստորագրութեամբ հրատարակուած յօդուածին մասին։ Յօդուածը Սվազի «Լիսէ»ին պատմութիւնը կու տայ։ Յօդուածին մէջ հրատարակուած է 1892 թուակիր փաստաթուղթ մը, որ կու տայ վարժարանին շինութեան մէջ աշխատողներուն անունները ու անոնց ստացած վարձքերը։ Հոն կը նշուի հետեւեալը. «9 ատաղձագործ կայ, 6ը՝ հայ է։ 10 ծեփող կայ, բոլորն ալ հայ են։ Աշխատաւորներուն համար ճաշ բերող փռապանն ալ հայ ըլլալու է։ æնարակի վարպետներուն թիւը 9 է, բոլորն ալ հայ են։ 31 բանուորներուն 29ը՝ մահմետական»։ Ապա ան կ՛ընէ հետեւեալ խորհրդածութիւնը. «Սվազի մէջ ազգամիջեան լուրջ բախում մը չէր պատահածը։ Բոլոր այս հայ վարպետները, երիտասարդ ըլլալու էին։ Վերջը ի՞նչ եղաւ անոնց, ի՞նչ եղաւ անոնց զաւակներուն»։
Շատ դիւրին է ժողովուրդի մը պատմութեան էջերէն քանի մը հատը պատռելով՝ պատմութիւնը նենգափոխելու փորձ կատարել, սակայն այդ վայրագ արարքին ձգած սպին կարելի չէ դիւրութեամբ անհետացնել: Նման պարապները լեցնելու համար հարկաւոր է ստեղծագործելու բարձր մակարդակ, բան մը, որմէ զուրկ է սովորաբար բիրտ ուժով իր հարցերը «լուծել» փորձող Անգարայի վերնախաւը: