ՊԱՔՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց Կիրակի, Յունիս 6ին Ատրպէյճան այցելելով՝ ընդգծած է Աֆղանիստանի մէջ ռազմական ջանքերուն Ատրպէյճանի մասնակցութեան կարեւորութիւնը։
Կէյց, որ առաջին անգամ ըլլալով Ատրպէյճան կ՛այցելէր, հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ անոր փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի նամակը, որուն մէջ այս վերջինս կը գրէ. «Կը կարծեմ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ կայունութիւն հաստատելու նպատակին հասնելու համար: Այդ արդիւնքին հասնելու համար աշխատանքներուն նպաստելը Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթութիւն պիտի մնայ»։
Օպամա եւս նամակին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Աֆղանիստանի խաղաղարարական առաքելութեան մասնակցելուն համար։ Ան նաեւ կը նշէ, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունին լուրջ խնդիրներ եւ վստահութիւն կը յայտնէ, որ անոնք լուծում պիտի ստանան։
Ատրպեճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց նշած է, որ իր այցելութեան պատճառներէն մէկը Պաքուի այն կարծիքն է, թէ Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանին անհրաժեշտ ուշադրութիւն չի դարձներ, հակառակ վերջինիս կարեւոր դերին։ «Ես ուզեցի գալ, հանդիպիլ նախագահ Ալիեւի հետ եւ անոր վստահեցնել, որ ատիկա այդպէս չէ», ըսած է ան։
Կէյց նշած է, որ ինչպէս իր այցելութիւնը, նոյնպէս ալ Օպամայի Ալիեւին ուղարկած նամակը եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի մօտալուտ Ատրպէյճան այցելութիւնը, Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմավարական գործընկերային յարաբերութիւններու վկայութիւններն են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.