ՄՈՍԿՈՒԱ.- Շաբաթ, Յունիս 12ին աւարտեցաւ Եւրոպայի բռնցքամարտի ախոյեանութեան մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենային Մոսկուայի մէջ։

Աւարտական հանգրուանի ճակատումներուն, Ողիմպիական խաղերուն պրոնզ մետալի տիրացած Հրաչիկ (Հրաչեայ) Ջաւախեան հանդիսացաւ Հայաստանի մարզիկներուն մէջ միակ ոսկի մետալի արժանացողը, երբ 64 քլկ. դասակարգի մրցումներու աւարտականին յաղթեց Տիուլ Քաթէին (Հունգարիա), 3:2 արդիւնքով, նուաճելով ախոյեանի տիտղոսը:
Ռուսիան ներկայացնող Միշա Ալոյեանը եւս ոսկի մետալի մը տիրացաւ, 51 քլկ. դասակարգին մէջ։
Նշենք, որ Հայաստանի համար նախապէս մետալներ ապահոված էին Յովհաննէս Դանիէլեան (48 քլկ.) եւ Արթուր Խաչատրեան (81 քլկ.)։
Այսպիսով, Եւրոպայի այս առաջնութեան ընթացքին, Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց մէկ ոսկիէ եւ երկու պրոնզէ մետալներ: