ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Թրքական «Ենի Չաղ» թերթը, անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուիի Կիպրոս այցելութեան՝ Չորեքշաբթի, Յունիս 16ի թիւով ցաւ կը յայտնէ, որ ան Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու համար բաւարար ջանք չէ թափած, յուսախաբ ընելով Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիրպոսի թուրքերը։ Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ Չաւուշօղլուն Երեւան կատարած այցելութեան ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ հաւատարիմ մնացած էր Թուրքիոյ ազգային դիրքորոշման՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր չայցելելով:
Թերթին այս մօտեցումը արտացոլացում մըն է ազգային շահերը միջազգային սկզբունքներէն վեր գերադասելու Թուրքիոյ պաշտօնական քաղաքականութեան, որուն հետեւանքով, Անգարա պէտք չէ անակնկալի մատնուի, երբ Եւրոմիութիւնը շարունակաբար մերժէ Թուրքիոյ անդամակցութեան դիմումները:
Եւրոպական կառոյցի մը ղեկավարի դիրքը ազգային նեղ շահերու համար շահագործելու փորձերը բնականաբար պիտի մերկացնեն ինքզինք Եւրոմիութեան սկզբունքներու պաշտպանը ներկայացնող Թուրքիոյ սուտերը:
«Մեր շահերէն կը բխի Չաւուշօղլուի պաշտօնը։ Ատիկա յատկապէս կարեւոր է կիպրական հիմնախնդիրի պարագային, որուն առնչութեամբ ընթացող բանակցութիւնները թեւակոխած են վճռորոշ փուլ։ Սակայն ԵԽԽՎի նախագահ Չաւուշօղլուն հիասթափեցուց Կիպրոսի թուրքերը», կը գրէ օրաթերթը՝ աւելցնելով, որ իր այս այցելութեամբ, Չաւուշօղլու ոտնակոխած է 1974ի թրքական ներխուժումէն ի վեր Կիպրոսի հանրապետութիւնը չճանչնալու Անգարայի իշխանութիւններուն յստակ դիրքորոշումը՝ այցը «անընդունելի գայթակղութիւն» որակելով:
Թերթին համաձայն, Չաւուշօղլու պէտք է նախ գրաւեալ շրջանները այցելէր եւ հոնկէ Կիպրոս անցնիլ փորձէր: