ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
«Իքոնոմիսթ»ի Յունիս 19-25 թիւին մէջ, Եւրոմիութեան հարցերու անդրադարձող յօդուածագիր Տէյվիտ Ռենի գրած է Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու ամերիկեան ճնշումներուն մասին՝ իր յօդուածը սկսելով հետեւեալ տողով. «Լռէ հաճիս, խօսքերդ օգտակար չեն»:
Յօդուածագիրը, որ այլապէս համաձայն է Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամակցութեան գաղափարին, այս խրատը հասցէագրած է յատկապէս Միացեալ Նահանգներու պաշտանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյցին, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Թուրքիոյ դէպի արեւելք ուղղած շարժումներուն պատասխանատու համարած էր կարգ մը եւրոպական երկիրներ, որոնք խոչընդոտներ կը դնեն Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու ջանքերուն առջեւ:
Ռենի կը գրէ, թէ իրեն համար եւս հաճելի չէ այս խրատը Ուաշինկթընի տալու ընտրանքը, սակայն կը շեշտէ, թէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ապահովելը այդքան ալ դիւրին չէ, եւ նոյնսիկ անոր ամենամօտիկ բարեկամները կ՛ընդունին, թէ լաւագոյն պարագայն, առնուազն 10 տարի հարկաւոր է Թուրքիոյ անդամակցութեան առաջնորդող բարեկարգումներուն իրականացման համար:
Գրելէ ետք, թէ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը յատանշական բարեփոխումներ կատարելու առաջնորդած է Թուքիան, ան կ՛աւելցնէ, թէ շարք մը հարցեր կը շարունակեն անլոյծ մնալ. անոնցմէ գլխաւորը այն իրողութիւնն է, որ Թուրքիա ցարդ կը մերժէ ճանչնալ Եւրոմիութեան անդամ երկիր մը՝ Կիպրոսը:
Իբրեւ օրինակ, ան ամերիկացիներուն կ՛առաջարկէ քննել Մեքսիքայի հետ սերտ կապեր հաստատելու հաւանականութիւնը:
Ան իր յօդուածը կ՛եզրակացնէ ցաւ յայտնելով, որ ներկայիս Եւրոմիութեան տարածքին մեծ ժողովրդականութիւն կը շարունակէ վայելել Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութեան ընդդիմանալու գաղափարը:
Յօդուածը, որուն խորագիրը այս սիւնակին խորագիրն է նաեւ, ցոյց կու տայ, թէ վերջին քանի մը շաբաթներուն իր իսրայէլացի ու ամերիկացի դաշնակիցները նեղացուցած Թուրքիան սկսած է այդքան ալ դիւրաւ կրելի բեռ մը չնկատուիլ նաեւ իր եւրոպացի բարեկամներուն կողմէ: